Խրուաթ միջնապահ Լուքա Մոտրիչ երէկ սկսաւ իր փորձերուն, իր ակումբին` Ռէալ Մատրիտի հետ, յայտնեց արքայական ակումբին պաշտօնական կայքը:
Նշենք, որ ան 3 ամիսէ ի վեր հեռու էր ֆութպոլի դաշտերէն` վիրաւոր ըլլալուն պատճառով:
Անոր վերադարձով Ռէալի միջնապահ գիծը պիտի ըլլայ աւելի աշխուժ: