Փարիզ Սեն Ժերմենի շուէտացի միջազգային յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչ, Ֆրանսայի ֆութպոլի ֆետերասիոնին որոշումով, 2 մրցումով կախակայուեցաւ` նկատի ունենալով, որ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 25-րդ հանգրուանին, Սենթ Էթիենի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, Ռոմեն Ամումայի դէմ կարծր խաղարկութիւն մը ունեցած էր:
Վերոնշեալ մրցումին ան օրուան կեդրոնի իրաւարարէն դեղին քարտով մը զգուշացուած էր:
Այսպիսով, Իպրահիմովիչ պիտի բացակայի Մոնաքոյի դէմ տեղի ունենալիք Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումէն (Մոնաքոյի մէջ), ինչպէս նաեւ դարձեալ Մոնաքոյի դէմ (Փարիզի մէջ) տեղի ունենալիք Ֆրանսայի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումէն: