Տնտեսական թէ աշխատաւորական զանազան մարմիններու միջեւ տեղի ունեցող խորհրդակցութեանց եւ այս գծով կառավարութեան ուղղուող դիմումներուն եւ պահանջներուն ծիրին մէջ, ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ կոչ ուղղեց փութացնելու Ընկերային- տնտեսական խորհուրդի կազմութիւնը: Ըստ նախարար Սապունճեանի, այս խորհուրդը յարմարագոյն վայրն է գործատէրերու եւ աշխատաւորներու միջեւ երկխօսութեան, ուր պատկան կողմերու ներկայացուցիչներ պիտի կարենան ճշգրիտ ու գործնական ուսումնասիրութեանց վրայ հիմնուած առարկայականօրէն խորհրդակցիլ ապրուստի հրատապ հարցերուն շուրջ` մամլոյ էջերէն դրսեւորուող եւ ընկերութեան վրայ ժխտականօրէն ազդող սին վիճաբանութեանց ու քննարկումներուն փոխարէն:
Սապունճեան յստակացուց, որ Ընկերային- տնտեսական խորհուրդի թիւ 389 եւ 12/12/1995 թուակիր օրէնքին երկրորդ յօդուածը կը նշէ` «ընկերային, տնտեսական, արհեստակցական մարզերու մասնակցութիւնը պետութեան ընկերային- տնտեսական ուղեգիծի բանաձեւումին մէջ եւ պատկան զանազան կողմերու միջեւ համախոհութեամբ»:
Նախարար Սապունճեան դիտել տուաւ, թէ այս ուղին միակ ձեւն է ներկայիս թէ ապագային խորհրդակցելու երկրի ապրուստի թէ աշխատավարձերու հարցերուն շուրջ` նկատի ունենալով այն շինիչ գործօնները, որոնք կը հաւասարակշռեն աշխատաւորներու իրաւունքներն ու գործատէրերու արդիւնաւէտ գործունէութեան յարատեւութիւնը:
Եզրափակելով` նախարար Սապունճեան կոչ ուղղեց պետական թէ սեփական մարզերու պատկան կողմերուն, աշխատաւոր թէ գործատէր, պետութիւն թէ սենտիքա` փութալու իրենց ներկայացուցիչներու նշանակման, կազմելու համար Ընկերային- տնտեսական խորհուրդը` օրէնքի ընձեռած կարելիութիւններուն համաձայն:


