
ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով Թիֆլիսի մէջ յայտարարած է, որ Ազրպէյճան ընդունած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման համաձայնագիրին վրայ աշխատելու համար աշխատանքային խումբ ստեղծելու առաջարկը:
Մամետեարով ըսած է, որ վերջին անգամ Փարիզի մէջ նախագահներու հանդիպումին ժամանակ Ֆրանսայի նախագահը յայտարարած էր, որ եկած է խաղաղութեան համաձայնագիրը պատրաստելու ժամանակը:
«Այդպիսի նախաձեռնութեամբ հանդէս եկած է Ազրպէյճանը», յայտարարած է Մամետեարով: Ան նշած է, որ համանախագահները աջակցութիւն յայտնած են Ազրպէյճանի նախաձեռնութեան եւ առաջարկած են սկսիլ հոլովոյթին:
«Բոլորը կը հասկնան, որ տագնապը յաւերժ մնալ չի կրնար: Ներկայ հոլովոյթին շարունակականութիւնը խաղաղ համաձայնագիրի ստորագրման հարցին մէջ դժուարութիւններ եւ վտանգներ կը ստեղծէ: Մենք պէտք է համաձայնագիրի աշխատանքները աւարտենք վեց ամսուան կամ մէկ տարուան ընթացքին», ըսած է Մամետեարով` պնդելով, թէ հայկական կողմը այդ առաջարկը չէ ընդունած:
Ան նշած է, որ աշխատանքային խումբի ստեղծումը ձեռնտու է բոլորին, ներառեալ` Հայաստանին: «Ազրպէյճան արդէն ընդունած է առաջարկը: Այժմ համանախագահները պէտք է կողմնորոշուին, թէ ինչպէ՛ս պէտք է խօսին Հայաստանի հետ», ըսած է Մամետեարով:
Բալայեան. «Ազրպէյճան Կը Փորձէ
Իր Յօրինած Գաղափարները Ներկայացնել
Իբրեւ Համանախագահներու Առաջարկներ»

Ազրպէյճան կը փորձէ բանակցութիւններու նմանողութիւն ստեղծելու ուղղուած իր կողմէ յօրինուած գաղափարները ներկայացնել իբրեւ համանախագահներու առաջարկներ: Այս մասին յայտարարած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Տիգրան Բալայեան` պատասխանելով «Փանարմինիըն» լրատու կայքի այն հարցումին, թէ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած է, որ իբրեւ թէ Հայաստան մերժած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն կողմէ Պաքուի թելադրութեամբ Երեւանի մէջ ներկայացուած առաջարկներ, ուղղուած` ղարաբաղեան տագնապի լուծման:
«ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու ղարաբաղեան տագնապի լուծման առաջարկները ներկայացուած են այդ երկիրներուն Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի ղեկավարներու հինգ յայտնի յայտարարութիւններուն մէջ: Ինչպէս բազմիցս նշած ենք, ի տարբերութիւն Ազրպէյճանի, Հայաստան պատրաստ է այդ առաջարկներուն հիման վրայ շարունակելու տագնապի լուծման ուղղուած բանակցութիւնները: Ատոր համար նախ եւ առաջ, ինչպէս իրենց յայտարարութիւններուն մէջ ընդգծած են եռանախագահ երկիրներու ղեկավարները, անհրաժեշտ է արագացնել հիմնարար սկզբունքներու շուրջ համաձայնութեան գոյացումը, որմէ ետք կարելի կ՛ըլլայ սկսիլ խաղաղութեան համաձայնագիրին մշակումին: Համանախագահները շրջան կատարած իրենց այցելութեան արդիւնքներուն մասին հրապարակուած յայտարարութեան մէջ կը տեղեկացնեն, որ կողմերուն ներկայացուցած են զինադադարի ամրապնդման ուղղուած առաջարկներ: Արդեօք Ազրպէյճան պատրա՞ստ է այդ առաջարկները ընդունելու: Մինչեւ այսօր այդ կարգի բոլոր առաջարկները Պաքուի կողմէ մերժուած են», աւելցուցած է Բալայեան: