Կազմակերպութեամբ Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնին, շաբաթ, 21 փետրուարին, Լաքլուքի շրջանին մէջ տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի սնոպորտի ախոյեանութիւնը, իսկ կիրակի, 22 փետրուարին, փոքրերու երկար դահուկարշաւի ախոյեանութիւնը, Ֆաքրա-Քֆարզեպիանի մէջ:
Ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ այս ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ հսկողութեամբ միջազգային փորձառու հսկիչներու, աւստրիացի Սթինպըրկի եւ Լեկնանկի:
Նշենք, որ կիրակի օրուան մրցումները տեղի պիտի ունենան հետեւեալ դասակարգերուն մէջ.
Փոքրեր (տղաք եւ աղջիկներ), 2003-2004-ի ծնունդ եւ 2005-2006-ի ծնունդ:
Անուններու արձանագրութեան վերջին պայմանաժամն է ուրբաթ, 19 փետրուար, յետմիջօրէի ժամը 15:00-ը: