Անթալիոյ մէջ ուսումնամարզական հաւաք կատարող Ուլիս Երեւան երէկ արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը, երբ Ռուսիոյ առաջին լիկայի ներկայացուցիչ Սախալի խումբին դէմ տեղի ունեցած մրցումին 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Երեւանեան խումբին այս յաղթանակը կերտեց Յովհաննէս Գոհարեան:
Նկատի ունենալով, որ մրցումը բարեկամական բնոյթ ունէր, դաշտ ներկայացան գրեթէ բոլոր մարզիկները, որպէսզի կարելի ըլլայ ծանօթանալ իւրաքանչիւր մարզիկի ունակութիւններուն: