Յայտնի թուրք լրագրող Ահմեթ Շըք թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ կը տեղեկացնէ, որ 2014 թուականի գարնան Սուրիոյ հայաբնակ Քեսապի դէմ իսլամական զինեալներու յարձակումին ընթացքին Թուրքիոյ զինեալ ուժերը վերջիններուս հրետանային աջակցութիւն ցուցաբերած են:
Թէեւ նախապէս կը խօսուէր, որ Թուրքիան իսլամական զինեալներուն աջակցելու համար տրամադրած է իր երկրին տարածքը, սակայն այս տեղեկութիւնը ցոյց կու տայ, որ ատկէ բացի, թրքական պետութիւնը ուղղակի զինուորական մասնակցութիւն ունեցած է զինեալներու` Քեսապի եւ Սուրիոյ զինեալ ուժերուն դէմ կատարուած յարձակումներուն:
Ըստ Շըքի, իրեն հասած հեռաձայնային զրոյցներէն յայտնի դարձած է, որ Քեսապի դէմ յարձակումի սկսած իսլամականները այդտեղէն թիրախներու գտնուած վայրերուն մասին տեղեկութիւններ փոխանցած են թրքական բանակին, որ նշուած թիրախները Թուրքիոյ տարածքէն հրետանիով ռմբակոծումի ենթարկած է: Թիրախներու գտնուելու վայրին մասին Քեսապէն Թուրքիա տեղեկութիւններ ուղարկած է թուրքմեն զինեալ խմբաւորումի հրամանատարներէն Ատիլ Օրլի, որ տուեալներու փոխանակման համար կիրարկած է բջիջային հեռաձայններու համար նախատեսուած Whatsapp ծրագիրը: Զինեալներու հրամանատարէն այդպիսի հաղորդագրութիւններ ստացողներէն մէկն ալ եղած է Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամ Մեհմեթ Թոքթաշ, որ նոյնպէս մասնակցած է գործողութեան համակարգման աշխատանքներուն: Այս ամէնը հիմք հանդիսացած են Շըքի` պնդելու, որ Քեսապի դէմ գործողութեան անմիջական մասնակցութիւն ունեցած է նաեւ Թուրքիոյ իշխող կուսակցութիւնը:
Շըք նաեւ ներկայացուցած է հեռաձայնային զրոյցի սղագրութիւնը, ուր Օրլի կը խնդրէ թրքական կողմէն ռմբակոծել 7 թիրախներ, որոնց տուեալներն ալ փոխանցած է: Վերջինս կը խնդրէ կրակը կրկնել, ինչն ալ կ՛ենթադրէ, որ թրքական ռմբակոծումը քանի մը անգամ կատարուած է:
Բացի ատկէ, ըստ թուրք լրագրողին, յայտնի դարձած է, որ նոյն Օրլին բանակցած է նաեւ Քեսապի սահմանակից թրքական Եայլատաղի գիւղապետ Թուրան Եըլմազի հետ, որպէսզի վերջինս արտօնէ զինեալներուն ազատօրէն կտրել Թուրքիոյ սահմանը, իսկ բանակցութիւնները դրական աւարտ ունեցած են իսլամականներու համար:
Յիշեցնենք, որ 21 մարտ 2014-ին, Թուրքիոյ գործօն մասնակցութեամբ Ժապհաթ Նուսրա, Ահրար Շամ եւ այլ իսլամական խմբաւորումներու զինեալներ գրոհած էին Սուրիոյ զինեալ ուժերու դիրքերը Քեսապի մէջ` կարենալով ճեղքել պաշտպանութիւնը: Պաշտպանողական գործողութիւններէն ետք` սուրիական բանակը պատասխան գործողութեան սկսած էր: Յունիսի կէսերուն սուրիական զինեալ ուժերը կրցած էին իրենց վերահսկողութեան տակ վերցնել Քեսապի շրջանը:
Քեսապի հայութիւնը զինեալներու գրոհին ընթացքին շտապ տեղափոխուած էր Լաթաքիա` ապաստանելով տեղւոյն հայկական եկեղեցւոյ տարածքին մէջ: Քեսապի համար մարտերու ընթացքին Թուրքիոյ զինեալ ուժերը նաեւ վար առած էին սուրիական օդուժի «Միկ-23» կործանիչը, որ թռիչք կատարած էր թուրք-սուրիական սահմանին մօտ: