Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ոստիկանութեան Մէջ Աշխատանքէ Արձակուած Են Ծառուկեանի Անվտանգութիւնը Ապահովող Աշխատակիցները

February 17, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

21615_dzarougՈստիկանութեան լրատու ծառայութենէն  «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնած են, որ ոստիկանութեան պետական պահպանութեան գլխաւոր վարչութեան շուրջ երկու հարիւր աշխատակիցներ, որոնք կ՛ապահովէին Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի եւ անոր պատկանող տարածքներու անվտանգութիւնը, վերջին օրերուն աշխատանքէ արձակուած են:

«Ոստիկանութեան բոլոր ստորաբաժանումներուն, որոնց շարքին պետական պահպանութեան գլխաւոր վարչութեան մէջ, միշտ կը ստուգուին եւ  վերատեսութեան կ՛ենթարկուին ինչպէս ֆիզիքական, այնպէս ալ իրաւաբանական անձերու  հետ կնքուած համաձայնագիրները: Այս ամէնը կ՛իրականացուի ոստիկանութեան մէջ ընթացող բարեփոխումներուն ծիրին մէջ: Խնդիրը անվտանգութեան ապահովումը աւելի փորձառու տարրերով իրականացնելն է»,  բացատրած են ոստիկանութենէն:

Լրատու միջոցներ երէկ հաղորդած են, որ աշխատանքէ արձակուած են Ծառուկեանի ազգական կամ հաւատարիմ մարդիկ, որոնք  իբրեւ ոստիկաններ իրականացուցած են անոր, կամ անոր պատկանող տարածքներու անվտանգութեան ապահովումը:

Պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի այն հարցումին, թէ Ծառուկեանի եւ անոր պատկանող տարածքներու  անվտանգութիւնը ապահովող անձեր ինչո՞ւ ճիշդ հիմա նման զանգուածային ձեւով արձակուեցան աշխատանքէ, ոստիկանութենէն ըսած են. «Ընթացող բարեփոխումներու ծիրին մէջ  պետական պահպանութեան գլխաւոր վարչութեան մէջ աշխատակիցներու պայմանագիրները միշտ կը  ստուգուին եւ վերատեսութեան կ՛ենթարկուին»:

Յատկանշական է, որ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան առաջնորդին եւ անոր պատկանող տարածքներու անվտանգութիւնը ապահովող աշխատակիցներու  պայմանագիրները ոստիկանութեան մէջ որոշած են զանգուածաբար վերատեսութեան ենթարկել նախագահ Սերժ Սարգսեանի 12 փետրուարի աղմկայարոյց ելոյթէն ետք, որուն ընթացքին Սարգսեան Ծառուկեանը անուանեց «չարիք» եւ «կեղծ քաղաքական երեւոյթ»:

Բայց, միւս կողմէ, լրատու միջոցներու մէջ  բազմաթիւ հրապարակումներ եղած են Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան ղեկավարին եւ ոստիկանապետին միջեւ հակասութիւններու  մասին: Ե՛ւ Գագիկ Ծառուկեան, ե՛ւ Վլատիմիր Գասպարեան հրապարակաւ բնաւ չեն խօսած  անոնց մասին, սակայն օրինակ, անցեալ  դեկտեմբերին լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին պատասխանելով այն հարցումին, թէ ո՞ւր կ՛ըլլայ ինք, եթէ նախագահ ընտրուի Գագիկ Ծառուկեան, Վլատիմիր Գասպարեան պատասխանած է. «Ուրեմն ես կ՛ըլլամ նախագահներու նախագահը»:

 

 

Նախորդը

Նուլընտ Ազրպէյճանի Մէջ Պիտի Քննարկէ Լեռնային Ղարաբաղի Հարցը

Յաջորդը

Սահակեան. «Ատիկա Ալ Իր Վերջն Ու Վախճանը Պէտք Է Ունենայ»

RelatedPosts

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ

November 4, 2026
Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի,  Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը  Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»
Հայկական

Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի, Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»

November 4, 2026
Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի  Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի  Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»
Հայկական

Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.