Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սահակեան. «Ատիկա Ալ Իր Վերջն Ու Վախճանը Պէտք Է Ունենայ»

Փետրուար 17, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Գալուստ Սահակեան
Գալուստ Սահակեան

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանին  լրագրողները երէկ բազմաթիւ հարցումներ ունէին, մասնաւորապէս` Գագիկ Ծառուկեանը պատգամաւորական լիազօրութենէն զրկելու վերաբերեալ: «Որեւէ հարցում, միայն` ճշգրիտ», նախ նշած է Գալուստ Սահակեան:   Լրագրողները հարցուցած են, թէ ինչո՞ւ մինչեւ  հիմա յարգելի, բանաւոր  նկատուած էին Գագիկ Ծառուկեանի բացակայութիւնները, եւ միայն նախագահին ելոյթէն ետք որոշուեցաւ վերատեսութեան ենթարկել անոր բացակայութիւններուն հարցը: «Երբ արդէն ուսումնասիրութիւնները կ՛աւարտին, իսկ թէ ի՛նչ հիմքով պիտի զրկեն  պատգամաւորական լիազօրութենէն, ատիկա  յանձնարարուած  է աշխատակազմին, կը ներկայացնեն, կը զեկուցեն, ապա ես կ՛որոշեմ», ըսած է Գալուստ Սահակեան:   Ճշդող հարցումին արդեօք Գագիկ Ծառուկեանի գործարարական գործունէութի՞ւնը պիտի ըլլայ  լիազօրութենէն զրկելու հիմքը, թէ՞ բացակայութիւնները, Ազգային ժողովի նախագահը պատասխանած է. «Գործարարական  գործունէութիւնը Ազգային ժողովի նախագահը չի կրնար բնութագրել, ատիկա անոր լիազօրութիւններուն ծիրին մէջ չէ»:   Ան նշած է, որ բացակայութիւններուն հարցը բեւեռուած չէ, եւ բոլորին կը վերաբերի, բոլոր խմբակցութիւններուն: Հարցումին, թէ արդեօք ատիկա քաղաքական հետապնդում չէ՞, Գալուստ Սահակեան պատասխանած է. «Քաղաքական ոչ մէկ հետապնդման խնդիր գոյութիւն ունի, պարզապէս մենք միշտ փորձած ենք խորհրդարանին մէջ այնպիսի վիճակ ստեղծել, որ լարուածութիւններ չյառաջանան եւ համագործակցութիւն ըլլայ, բայց ատիկա ալ իր վերջն ու վախճանը պէտք է ունենայ»:

Գալուստ Սահակեան, պատասխանելով «Երկիր»-ի հարցումին, թէ ի՞նչ զարգացումներ պէտք է սպասել եռեակի հրաւիրած հանրահաւաքէն, որ նախատեսուած է 20 փետրուարին, ըսած է. «Ես չեմ գիտեր, ես այդ հանրահաւաքին պիտի չմասնակցիմ, չեմ կրնար ըսել ինչ կ՛ըլլայ: Տագնապներու կողմնակից չեմ, հանրահաւաքը սովորական ժողովրդավարական գործիք է»:

Լրագրողներէն մէկը Գալուստ Սահակեանին երէկ հարցուցած է, թէ ինչո՞ւ հանրապետականները կը դատապարտեն Գագիկ Ծառուկեանը տգիտութեան համար, եթէ ինք` Գալուստ Սահակեան, կ՛օգտագործէ սխալ արտայայտութիւններ, օրինակ` «ցմահ մահապատիժ», «տեղւոյն վրայ չեմ եղած, ատոր  համար ալ չեմ դատապարտեր» եւ այլն: Ազգային ժողովի նախագահը  հարցումը ուղղող լրագրողը անուղղակիօրէն անուանեց «անդաստիարակ»` ըսելով. «Գիտէ՞ք ատիկա ինչէն կու գայ, ես ուսուցիչ եմ, բայց լաւ ուսուցիչ չեմ եղած, ատոր համար ալ դուք այսօր այդ վիճակին մէջ էք»:

 

Նախորդը

Ոստիկանութեան Մէջ Աշխատանքէ Արձակուած Են Ծառուկեանի Անվտանգութիւնը Ապահովող Աշխատակիցները

Յաջորդը

Քոչարեան. «Ընդդիմադիր Դաշտին Մէջ Ակնառու Են Համախմբման Յստակ Նշաններ»

RelatedPosts

Ուիթքոֆ. «Լիբանան Անկախ Պետութիւն Է,  Որ Իր Գերիշխանական Որոշումները Ինք Կու Տայ,  Եւ Մենք Կառավարութեան Այդ Կարողութեան  Նկատմամբ Վստահութիւն Ունինք»
Գլխաւոր լուրեր

Ուիթքոֆ. «Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Վերջնական Կարգաւորման Շատ Մօտ Են. Կը Կարծեմ` Երկուքն Ալ Կրնան Աբրահամեան Խաղաղութեան Համաձայնագիրներուն Միանալ»

Մայիս 15, 2025
«Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանը Կը Դիտարկէ  Իբրեւ Վստահելի Եւ Արժանահաւատ Գործընկեր»  Կ՛ըսէ Եւրոպական Յանձնաժողովի Ներկայացուցիչը
Հայկական

«Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանը Կը Դիտարկէ Իբրեւ Վստահելի Եւ Արժանահաւատ Գործընկեր» Կ՛ըսէ Եւրոպական Յանձնաժողովի Ներկայացուցիչը

Մայիս 14, 2025
Լանտաու. «Ամերիկեան Վարչակազմի Նպատակն Է Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Հետամուտ Ըլլալ»
Հայկական

Լանտաու. «Ամերիկեան Վարչակազմի Նպատակն Է Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Հետամուտ Ըլլալ»

Մայիս 13, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?