Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիական Օրագրութիւն 69

Փետրուար 16, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ

article-2241091-164CB71A000005DC-666_634x434Քաղաքական քաոսը անվերջ կը դառնայ ինքն իր վրայ ու կը մթագնի օրէցօր աւելի ու աւելի: Անոնք, որոնք կոչուած են փարատելու մշուշը, առաւել մեծ ճիգերու մէջ են պղտորելու բոլոր ջուրերը, հետամուտ` իրենց որսալիք ձուկերուն:

Այս անորոշին համակերպած ու հազար ու մէկ կարիքներու տակ կքած մարդիկ երբեմն ալ կը ցնցուին ընդհանուր պատկերէն դուրս` նոր ու «անսպասելի» լուրէ մը, որ իրեն հետ կա՛մ  առաւել լարուածութիւն, կա՛մ ժամանակաւոր թեթեւացում, յոյսի հեռաւոր նշոյլ մը կը բերէ: Մարդիկ, առանց հաւատ ընծայելու, կրկին ու կրկին կը շարունակեն տարբեր կայաններէ իրարու հակոտնեայ լուրեր առնել ու այդ շփոթին մէջ տիրող իրավիճակի մասին գէթ նուազագոյն որոշակիութեամբ գաղափար կազմել:

Վերջին ցնցող լուրն էր հրեաներու կողմէ «սխալմամբ» կամ «թիւրիմացաբար» Հըզպալլային դիրքերու ռմբակոծումը: Լուրը պահ մը գագաթնակէտի հասցուց լարուածութիւնը, յատկապէս երբ անոր յաջորդեց իրանցիներու կողմէ ինքնավստահութեամբ յայտարարուած փոխհատուցումի «խոստումը»: Մարդիկ օրեր անցուցին անհամբեր սպասումի մէջ: Կրկին արթնցան թմրող հետաքրքրութիւնները, նաեւ` յոյսը, թէ պատասխանը «երկրաշարժի ուժգնութիւն» պիտի ունենայ: Արթնցան միօրինակութեան տակ նիրհած կիրքերը: Մարդոց անհամբեր սպասումը հաշտութեան, փոխադարձ ներումի, այս անհեթեթ եղեռնագործութեան դադրելուն ու արեւին տակ ուրիշներու ալ գոյութիւնը ընդունելու քայլին համար չէր. մարդիկ փոխվրէժի, նոր արիւնհեղութեան ծարաւ ունէին ու ստացան զայն` հակառակորդի մեծ թիւով սպաներու պայթեցումը: Անծանօթ երիտասարդ մարդոց մահուան լուրը հրճուանքով ընդունուեցաւ: Անմիջապէս յիշեցի Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժի օրերուն հայերուն ուղղուած ազրպէյճանցիներու հրճուագին շնորհաւորանքները… Պատկերը տարբեր, միշտ նոյնն է հոգեբանութիւնը` հրճուանք իր նմանի ցաւին, դժբախտութեան ու մահուան համար:

Վերին ոլորտները բազմողները, օգտագործելով մարդու ես-ին այս նուաստագոյն կողմը, անվերջ կը մասնատեն մարդկութիւնը, բազմազան խմբաւորումներ կը ստեղծեն ընդգծելու համար «մենք» ու «դուք»-ի հակասական կողմը: Մինչեւ ակռաները կը զինեն Ադամին որդիները ու եղբայրասպանութեան կը մղեն` միշտ անոր ներշնչելով շինծու արժէքներու, կեղծ գաղափարներու պաշտպանութեան կարեւորութիւնը:

«Վերինները» մարդկութիւնը կը տանին դէպի ստրկացում: Մարդու հանճարն ու կարողութիւնները կ՛ուղղեն ո՛չ մարդու դարերով երազած կատարեալ  ու արդար կեանքին, այլ` նեղ փոքրամասնութեան արագ ուռճացող շահերու բազմապատկումին:

Տարբեր կերպեր յօրինած են սահմանափակելու մարդկային միտքին թռիչքը` մղելով զայն մանր կիրքերու, դիւրին հաճոյքներու ոլորտ, կուշտութեան մէջ` եսակեդրոն մեկուսացումի, կամ ծայրայեղ աղքատութեան ու կարիքի մէջ` գոյութեան ծանր պայքարի:

Զանգուածներուն տալով ամէնօրեայ կուտը ու գոհացնելով անոր մանր կարիքները` ուշադրութիւնը կը շեղեն, մարդկութեան ճնշող մասին վրայ իրենց բռնութիւնները ու ստրկացումի քայլերը անոր կը մատուցեն որպէս մարդկութեան յառաջընթացը արգելակող խոչընդոտներու դէմ ազնիւ պայքար:

***

Կործանիչ օդանաւը կը դառնայ կրկին. ամպամած երկինքին մէջ` անտեսանելի, ինչպէս որ գալիքը` այս երկնակամարին տակ ապրողներուն: Քանի մը պտոյտ, ոմանք վհատեցնող ու ոմանք յուսադրող իր հռնտիւնով, ապա հեռու կամ մօտիկ ռմբակոծութեան ձայներ, ու` լռութեան պահ մը, վերստին սկսելու համար քանիցս: Այլեւս ի՜նչ տարբերութիւն, թէ ո՛ւր ինկաւ, քանի՞ տուն կործանեց ու յոյսեր մարեց: Հետաքրքրութիւնը սովորութիւն է այլեւս, ցաւիլը` միտքի վայրկենական խաղ: Մարդը ունակ է որոշակիօրէն ապրիլ ու զգալ ի՛ր աչքին տեսածն ու ի՛ր գլխուն եկածը, իսկ մնացեալը հեռու ապրողը կ՛ընդունի իբրեւ «ջուրի ձայն», ինչպէս ժողովուրդը գիտէ իր փորձէն:

Իսկ հոս ապրողները մահուան ուրուականը գրկած` կը շրջին, կը գործեն, կը ննջեն` հրաձգութեան երաժշտութեան, հրթիռներու հարուածներու եւ հրետանակոծութեան ցնցումներու օրօրոցայիններու տակ: Այլեւս այնքան ընտանի դարձած են վտանգն ու մահը, որոնք ամէնուր` պատեր ու սիւներ «զարդարող» մահազդներէն կը պոռան իրենց ներկայութիւնը, որ ապրողները իրենք ալ վստահ չեն` իրականութեա՞ն մէջ են, թէ՞ անվերջանալի մղձաւանջի:

Իբրեւ հետեւանք վտանգի մշտական դարանակալ ներկայութեան` մարդիկ այլեւս անոնց մասին հազուադէպօրէն կը գանգատին: Լուռ համակերպումով` չեն խօսիր ո՛չ կենցաղային անյարմարութիւններու, ո՛չ «չկայ»-ներու շարանի, ո՛չ պարպուող թաղամասերու, ո՛չ գոյն ու դէմք կորսնցուցած քաղաքի, ո՛չ գիներու խելայեղ ցատկերու մասին: Չեն խօսիր մանաւանդ` ծրագիրներու մասին, քանի որ վաղուան օրը հոս չի մտներ, անոր առջեւ անանցանելի պատ կայ քաշուած: Կա՛յ միայն մշուշուած, կաղացող ու տքացող այսօրը, յար ու նման երէկին, ոչինչ փոխող, ոչինչ խոստացող, աւելի՛ն` առաւել  մութ ու դժնդակ: Կա՛յ իրողութեան հետ համակերպումը, այլեւս` լուռ, որպէս բնական վիճակ: Իշխողը լռութիւնն է` այլեւս բազում յոյսեր թաղած ու այլեւս լոյսի մասին նոր պատրանքներ հիւսելէ զգուշացող մարդոց, անոնց, որոնք հեռանալու ո՛չ ուժ, ո՛չ կարողութիւն եւ ո՛չ ալ արդէն կամք ունին. ընդարմացումի համակերպում: Հոս մարդը ակամայ տեղաւորուեր, յարմարեր է իր բազում անյարմարութիւններուն ու կը ջանայ «ապրիլ» այն, ինչ տակաւին չէ խլուած իրմէ. ապրիլ նեղ օղակի մէջ, ջանալով գէթ իմաստ տալ իր քովէն հոսող անցնող իր կեանքի օրերուն:

Ու սակայն հոս մարդիկ միայն չեն մեռնիր. նաեւ կ՛ամուսնանան, մանուկներ կը ծնին, նոյնիսկ կը խրախճանեն, մահուան դաշտին հարեւանութեամբ, կարծես` մութ ու անհորիզոն իրականութեան ճանկէն խլելու ճիգով մը մոռցուած հաճոյքներ ու հրճուանքներու ծուէններ, առանց կիրքի, առանց  ուրախութեան լիարժէք յորդումին, սոսկ ապրելու իրենց իրաւունքի հաստատումին ճիգը:

… Մինչդեռ հեռացողներ, ինքնամեղադրանքէ ազատելու չքմեղանքով, նոյնիսկ այս տաժանքին մէջ մնացողները մեղադրելու պատրաստ` յաճախ կը մատնանշեն, թէ հալէպցին իր ոչ մէկ հաճոյքէն կը զրկէ ինքզինք… Հարսնիք` մեռելատունի  հարեւանութեամբ. ինչպիսի՜ վայելք…

Ոչ ոք կը մեղադրէ մեկնածները, իսկ մնացողներն ալ ապրելու իրաւունք ունին:

***

Պատմութիւնը երբ խօսի սուրիական պատերազմին մասին, անտարակոյս պիտի յիշէ նաեւ Հալէպ հինաւուրց քաղաքի պաշարումին ու անոր հնամեայ դէմքի աղճատումի մասին: Թէ ինչպէ՛ս պիտի ներկայացուի այս օրերու մեր կեանքը, դժուար է իմանալ, մանաւանդ գիտենք, թէ պատմութիւնը միշտ կողմնակալ կը գրուի: Կը մնայ յուսալ ժամանակագիրներու պարկեշտութեան, մանաւանդ եթէ անոնք կաշկանդած պիտի չըլլան զիրենք որեւէ կողմէ կախեալութեամբ:

Հալէպին պաշարումը: Չեմ եղած պաշարուած քաղաքներու մէջ, որոնք պատմութեան հոլովոյթին մէջ բազում են. կարդացեր եմ ոմանց մասին: Վերջին համաշխարհային պատերազմին ամէնէն նշանաւորը Լենինկրատի պաշարումն էր, որ տեւեց երկուքուկէս տարի, ճշգրիտ` 871 օր: Իրաւունք չունինք մէկ օրն իսկ մոռնալու` առանց մեղանչած ըլլալու հոն տառապածներու յիշատակին դէմ:

Այնուհետեւ ալ մարդկութիւնը ծաղիկներ աճեցնելով չզբաղեցաւ. առաւել զարգացած ու մարդկային իրաւանց «պաշտպան» Արեւմուտքը ջանասիրաբար կը շարունակէ հին աշխարհի  արժէքներու կործանումի իր առաքելութիւնը: Իրենց սահմաններու մէջ հաւու մը իսկ ցաւիլը աշխարհին կը մատուցեն իբրեւ մեծ աղէտ, անդին` «երրորդ աշխարհներու մէջ» մարդկային հազար -հազարաւոր ճակատագիրներ կը կործանեն առանց աչք թարթելու: «Երրորդ աշխարհ». ինչպիսի՜ ստորին արտայայտութիւններ ունակ է յօրինել մարդը:

Հալէպի պաշարումը… որ արդէն երրորդ տարին կը բոլորէ: Չեմ ուզեր զայն համեմատել որեւէ այլ քաղաքի պաշարումին, քանի որ, ինչպէս կ՛ըսուի,  երջանիկները իրարու նման են, իսկ դժբախտ է իւրաքանչիւրը իւրովի, նոյնպէս ալ իւրաքանչիւր քաղաքի կործանումի պատմութիւնը իր այլազան երեսներն ունի: Հալէպինը առայժմ աներես է, բառին բոլոր առումներով:

Պատերազմներ միշտ ալ եղած են ու, ըստ խելօք մարդոց, անխուսափելի են, նոյնիսկ… անհրաժեշտ: Ըսողը ես չեմ: Ես քիչ մը այլ կարծիքի եմ  այս մոլորակին վրայ մարդու դերին մասին: Բայց իմ կարծիքս հարցնող չկայ: Իշխողը անտառի օրէնքն է . այս է մարդուն հասած սահմանը: Ուրեմն արտօնուած է զիրար յօշոտել. կը մնայ որոշել` դուն յօշոտո՞ղն ես, թէ՞ որսը:

Երբեմն ալ կը խորհիմ` եթէ ես ալ ծնած ըլլայի «վերնախաւային» ու բազմած ըլլայի երկնային գահերու, թէեւս ալ հոն նստողներու պէս սեւ ակնոց դնէի չտեսնելու համար իմ որոշումով հեղուող արեան գետերը, կործանուող քաղաքներու սահմռկեցնող աւերակները ու զանոնք նկատէի մարդկութեան (ընտրեալներո՜ւ) յառաջդիմութեան սիրոյն առնուած քայլ` օգտակար ու անհրաժե՜շտ… Բայց քանի որ «վերնային» չեմ, առաւել` փոքր, բազմաչարչար ու անիրաւուած ազգի մը զաւակ եմ ու այսօր ալ յայտնուած եմ այլ տրորուողներու կարգին, մէջս կ՛արթննայ արդարութեան բողոքը, տկարին անզօր ճիչը. տկարին, որ այլ բան չունի ընելիք, քան` փնտռել արդարն ու ճշմարիտը: Փնտռել մարդկայի՜ն արդարութիւնն ու ճշմարտութիւնը, երբ Աստուած իսկ յուսահատած` ձգած է զայն, թողելով, որ անվերջ գլտորի դէպի ինքնակործանում:

Հալէպի պաշարումը: Ահա՛ մարդու անվերջ ստորութիւններու վկայութիւններէն մէկը. վստահ չեմ` եթէ դահիճն ու զոհը յայտնուէին դէմ դիմաց, ի՞նչ պիտի փոխուէր: Նոյնիսկ լաւատեսութիւն կ՛ունենամ հաւատալու, թէ զոհի հայեացքին տակ սպաննողին մէջ անպայման պիտի արթննար հոգին, ու ան, ձգելով սուր կամ հրազէն, կախաղանի պարան կամ գայիսոն, պիտի հեռանար ` գտնելու համար ինքզինք, լսելու համար իր ներքին ձայնը: Կը խորհիմ ալ, թէ գուցէ այդ էր պատճառը, որ դահիճներուն ծպտուիլ կը պարտադրուէր… հին, բարի օրերուն:

Այսօրուան դահիճները, պարարտ ու յոխորտ, լայնօրէն կը ժպտին աշխարհի բեմերէն… Սուրիական այս նախճիրը հրահրողները իրենց դղեակներու մէջ լաւագոյն ձեւով պատսպարուած են զոհերու հայեացքներէն, իսկ իրենց վարձկանները, որոնք առաւել եւս զոհեր են, ի սկզբանէ իսկ զրկած են մարդկային դիմագիծէ, հոգիէ ու զգացումէ:

Մարդու ռոպոթացում` ահա՛ մարդու մեծ իրագործումներէն մին եւս:

 

 

Նախորդը

Ջութակի Դասաւանդման Առանձնայատկութիւնները

Յաջորդը

Նշմար. Մալալա «Թռչունի Պէս Ազատ…»

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?