Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ն Ու Երիտասարդները

February 14, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Քարոզչական յանձնախումբը 7 մարտ 2015-ին պիտի կազմակերպէ երիտասարդական միօրեայ սեմինար մը, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ:

Սեմինարին նպատակն է ԼՕԽ-ի լայնածաւալ գործունէութիւնը առաւելագոյն չափով ծանօթացնել հայ երիտասարդութեան, շեշտել երիտասարդներուն դերակատարութիւնը կազմակերպութեան թէ համայնքին մէջ, ինչպէս նաեւ անդրադառնալ այն իրողութեան, թէ կամաւոր ծառայութիւնը ինչպէս կ՛ազդէ անհատներու հոգեմտաւոր զարգացման վրայ:

Իբրեւ նախապատրաստական աշխատանք յանձնախումբը նախաձեռնեց կարճ զրոյցներու հայկական վարժարաններու աշակերտներուն հետ:

Այս առիթով աշակերտներուն ուղղուեցան քանի մը հարցումներ, որպէսզի անոնք կարենան պատկերացում ունենալ իրենցմէ եղած ակնկալութեան մասին: Հարցումները կեդրոնացած էին ԼՕԽ-ի մասին անոնց ունեցած ծանօթութեան, ընտանիքին մէջ ԼՕԽ-ականի մը գոյութեան, համացանցին եւ տեղեկատուութեան ճամբով ԼՕԽ-ի գործունէութեան մասին իրազեկ դառնալու եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոն այցելած ըլլալուն:

Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարանէն Ռիթա Սարգիսեան վերոնշեալ հարցումներուն պատասխանելով գրած է.

ԼՕԽ-ը ինծի համար ծանօթ եւ սիրելի միութիւն մըն է. գիտեմ, որ ԼՕԽ-ականները մեղուներու նման կ՛աշխատին առանց որեւէ ակնկալութեան: Դպրոցականներս յաճախ կ՛այցելենք կեդրոն, հոն աւելի մօտէն կը ծանօթանանք ԼՕԽ-ի աշխատանքներուն ու գործունէութեան: Բոլորս գիտենք այս կառոյցին նպատակը` օգնել բոլորին, հասնիլ կարիքաւորին, աղքատին, ծերունիին, օգնութիւն տրամադրել օժանդակութեան պէտք ունեցողներուն անխտիր:

ԼՕԽ-ի լուրերուն կը հետեւիմ մօրս ճամբով, որովհետեւ ԼՕԽ-ական է, անոր վազվզուքը տեսնելով գիտեմ ու կը հասկնամ գործի դաշտին ընդարձակ ըլլալն ու տարուած աշխատանքին կարեւորութիւնը:

«Ազդակ»-ի էջերուն մէջ եւս կը կարդամ ԼՕԽ-ի ձեռնարկներուն մասին, երբեմն կ՛ընթերցեմ միութեան մասին մտորումներ, գրութիւններ եւ կը սպասեմ ԼՕԽ-ի յատուկ էջին, որ լոյս կը տեսնէ ամիսը անգամ մը:

Ես ալ կը փափաքիմ ըլլալ ԼՕԽ-ական եւ ծառայել ազգին: Միութենական կեանքը նկարագիր կը կերտէ, մանաւանդ ԼՕԽ-ը, որ համալսարան է:

***

Հայ  աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանէն Խաժակ Պաքճաճի կը գրէ.

ԼՕԽ-ի մասին լսած եմ մօրս ճամբով, որովհետեւ ան ԼՕԽ-ական է: Նաեւ երկու տարի ամրան շրջանին յաճախած եմ «Նարօտ Արտալճեան» գրադարան, իսկ կեդրոն գտնուած եմ դարմանումի համար բժիշկի այցելելու: Տեղեակ եմ, որ ԼՕԽ-ը ունի Դիմատետրի էջ, սակայն դասերուս պատճառով չեմ կրնար յաճախ հետեւիլ: «Ազդակ»-ի եւ «Վանայ ձայն»-ի միջոցով տեղեակ եմ ԼՕԽ-ի գործունէութենէն, թէեւ առաւելաբար «Վանայ ձայն» կ՛ունկնդրեմ:

Նաեւ դպրոցին մէջ կատարուած ԼՕԽ-ի հանգանակութեան կը մասնակցիմ, լաւապէս գիտեմ որքան կարեւոր աշխատանք կը տանին:

***

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանէն Նարօտ Ադամեան կը գրէ.

ԼՕԽ-ը ՀՕՄ-ի  միաւորն է` նոյն ծրագիրով իր գործունէութիւնը կատարող, ամբողջական նուիրումով, հրաշագործ կանացի կազմակերպութիւն մը:

1929-1930-ի տարիներուն ԼՕԽ-ը առանձին սկսաւ գործել եւ իր առաջին նիստին հիմնեց իր առաջին մասնաճիւղը` Պէյրութի մէջ:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ԼՕԽ-ը մեծ ներդրում ունեցած է, յատկապէս կռուող տղոց, եւ հայ բնակչութեան կողքին եւ անոնց համար, այդ նպատակով ալ հիմը դրուած է «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին` շնորհիւ բարերարներու եւ ազնիւ անձերու նուիրատուութեան եւ դեսպանատուներու մեկենասներու նուիրումին:

Մայրս ԼՕԽ-ական է եւ գործունեայ տարր մըն է այդ կառոյցին մէջ, անշուշտ փափաքս է, որ երբ երիտասարդ դառնամ մաս կազմեմ այս հրաշագեղ կազմակերպութեան, որուն նաեւ իմ ներդրումս պիտի բերեմ:

ԼՕԽ-ը ունի 26 մասնաճիւղեր ամբողջ Լիբանանի տարածքին, ունի նաեւ 12 յանձնախումբեր, որոնք կ՛օժանդակեն ԼՕԽ-ի սքանչագործ գործունէութեան` իրենց ներդրումներով եւ շինիչ ու օգտակար ձեռնարկներուն: Մասնաճիւղերու անունները ընտրուած են յայտնի վայրերու եւ անհատներու անուններով:

Քանի մը առիթներով, այցելած եմ կեդրոն եւ փափաքս է, որ նաեւ մեր վարժարանի բարձրագոյն կարգի աշակերտները այցելեն եւ ծանօթանան այս հարուստ կնոջական կազմակերպութեան:

Գիտեմ, որ կրթանպաստի յանձնախումբը կը զբաղի սաներու թոշակներու դասաւորումով` հիմնուելով դիմումնագիրներուն վրայ:

«Ազդակ»-ի եւ դիմատետրի ճամբով յաճախ կը հետեւիմ ԼՕԽ-ի գործունէութեան:

Նախորդը

Քառասնօրեայ Պահեցողութիւնը Եւ Միջինք

Յաջորդը

Ապրել

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.