Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Նախագահները Իրենք Պիտի Որոշեն Կալիփոլիի Ձեռնարկներուն Մասնակցիլ, Թէ Ոչ» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

February 12, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մեւլութ Չաւուշօղլու
Մեւլութ Չաւուշօղլու

Թրքական «Թիւրքիյէ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու խօսած է երկրի նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուի կողմէ Կալիփոլիի ճակատամարտի 100-ամեակի նշման շարք մը ձեռնարկներուն մասնակցութեան համար երկիրներու ղեկավարներուն ուղարկուած հրաւէրին մասին:

Պատասխանելով Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Պարաք Օպամայի կողմէ հրաւէրը ընդունիլ-չընդունելու մասին հարցումին` Չաւուշօղլու յայտարարած է, որ նախագահները իրենք պէտք է որոշեն այդ հարցը, եւ իրենց պարտականութիւնը միայն հրաւիրելն է:

«Մենք` իբրեւ արտաքին գործոց նախարարութիւն, հայկական պնդումներուն դէմ թրքական թեզերը կը ներկայացնենք: Ատոր համար քաղաքացիական հասարակութեան հետ կը համագործակցինք, ինչպէս նաեւ` գիտնականներու», ըսած է ան:

Անդրադառնալով այդ հրաւէրներուն` ան յիշեցուցած է, որ Հայաստանի եւս ուղարկուած է հրաւէր մը, որովհետեւ Օսմանեան բանակին մէջ հայ զինուորներ ալ եղած են: «Բոլորին ուղարկած ենք: Բրիտանիոյ Չարլզ իշխանը պիտի գայ: Մեր պարտականութիւնն է հրաւիրելը, գալ-չգալու հարցը ղեկավարները թող իրենք որոշեն: Յառաջիկայ ժամանակաշրջանին պիտի տեսնենք` ով պիտի մասնակցի, ով` ոչ», ըսած է ան:

Կոչ` Ցեղասպանութեան Հարցով
Յանձնախումբ Ստեղծելու

Թրքական «Հապերլեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Գերմանիոյ մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին դարձեալ խօսած է «1915-ի հարցով պատմաբաններու յանձնախումբ ստեղծելու անհրաժեշտութեան մասին»:

«Թող ընդհանուր յանձնախումբ ստեղծուի եւ յայտարարութիւն կատարուի: Մենք այդ հարցին մէջ ամչնալու խնդիր չունինք», յայտարարած է Չաւուշօղլու:

Ան խօսած է նաեւ Գերմանիոյ վերջերս դրսեւորուած կեցուածքին մասին եւ գնահատած է գերմանական կառավարութեան այդ չմիջամտելու քաղաքականութիւնը: Յիշեցնենք, որ վերջերս Գերմանիոյ կառավարութիւնը յայտարարած էր, որ «ջարդերու եւ տեղահանութիւններու» բացայայտումը նախ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի հարցն է:

«Գերմանական կառավարութիւնը թրքական ու հայկական կողմերու յարաբերութիւնները կարգաւորելուն ուղղուած համարձակ քայլերու յարգանքով կը մօտենայ: Երկու կողմերու մերձեցումն ու պատմաբաններու յանձնախումբի ստեղծման գծով համարձակութիւն ցուցաբերելը կարեւոր է», ըսուած էր Գերմանիոյ կառավարութեան գրաւոր պատասխանին մէջ:

Չաւուշօղլու, սակայն, դժգոհած է, որ գերմանացի որոշ քաղաքական գործիչներ կ՛աջակցին հայկական նախաձեռնութիւններուն, ինչ որ, ըստ անոր, կը վշտացնէ զիրենք: Ան յայտարարած է, որ ճիշդ չի գտներ այն, որ քաղաքական գործիչներ կը խօսին եւ գնահատականներ կու տան «1915-ի դէպքերուն» վերաբերեալ: «Սահմանափակ տեղեկութիւններ ունեցող քաղաքական գործիչներու կողմէ հարցը մեկնաբանելը նոյնիսկ սխալ է», ըսած է ան:

 

Նախորդը

«Լիբանան Եւ Ղազախստան Հասարակաց Ուժեղ Կապեր Ունին» Կ՛ըսէ Դեսպան Վազգէն Գաւլաքեան

Յաջորդը

Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Խորհրդակցութիւններու Համար Կը Մեկնին Ֆինլանտա

RelatedPosts

Հայաստան Շուտով Ռուսական Հեղուկ Կազ  Պիտի Ներածէ Երկաթուղիով`  Ազրպէյճանի Տարածքով
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստան Շուտով Ռուսական Հեղուկ Կազ Պիտի Ներածէ Երկաթուղիով` Ազրպէյճանի Տարածքով

January 20, 2026
Պայրամովն Ու Ռուպիոն Քննարկած Են  Հայ-Ազրպէյճանական Յարաբերութիւններու  Կարգաւորման Գործընթացը
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամովն Ու Ռուպիոն Քննարկած Են Հայ-Ազրպէյճանական Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Գործընթացը

January 20, 2026
«Հայաստան» Խմբակցութիւնը  Հանդիպումներու Շարքի Մը Սկսած Է
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութիւնը Հանդիպումներու Շարքի Մը Սկսած Է

January 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.