Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ա. Յովհաննիսեան. «Այս Պահուն Սահմանին Վրայ Կայ Դանդաղ Պատերազմ»

Փետրուար 7, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

791639-e1423215835601-500x250«Օրուան մը մէջ երկու զոհ եւ կրակոցներու ենթարկուած 20 շրջաններ: Այս պահուն սահմանին վրայ կայ դանդաղ պատերազմ», երէկ  յայտարարած է պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան, հերքելով պնդումները, թէ սկսած ենք պարտուիլ այդ պատերազմին մէջ:

Նախանցեալ գիշեր հակառակորդը տարբեր տրամաչափի զէնքի տեսակներէ եւ ականանետերէ  բազմացուցած է կրակոցները  սահմանամերձ բոլոր շրջաններու ուղղութեամբ: Այդ կրակոցներէն  զոհուած է Ներքին Կարմիրաղբիւր գիւղի բնակիչ 60-ամեայ Վանիկ Ղուկասեան, իր տան բակին մէջ: Ըստ Արծրուն Յովհաննիսեանի, հայկական զինեալ ուժերը պատասխան կրակ բացած են:

«Եթէ ամէն օր իրենց խախտումներուն պատասխան չտանք, եթէ ամէն օր իրենց ոտնձգութիւններուն պատասխան չտանք, կը սկսինք պատերազմին մէջ պարտութիւններ կրել: Բայց մենք, ի տարբերութիւն, իրենց քաղաքացիական բնակիչներուն հետ կռիւ չունինք ընելու, մենք լաւ գիտենք, մեր հակառակորդը դիրքերուն մէջ նստած զինուորն է», ըսած է պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան:

Նախանցեալ օր տեղեկութիւն հաղորդուած էր նաեւ  Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զոհուած 24-ամեայ զինուորի մը մասին: Ըստ Ղարաբաղի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Դաւիթ Բաբայեանի, հայկական կողմը դիմած է պատժիչ գործողութիւններու, զոհուած զինուորն ալ նախագահ Բակօ Սահակեանի կողմէ յետմահու պարգեւատրուած է մարտական ծառայութեան մետալով:

«Պատժիչ գործողութիւնները տարբեր տիպի գործողութիւններ են: Ըսեմ որ թշնամին ունի բաւական մեծ կորուստներ, ընդհանրապէս միշտ ալ մեծ կ՛ըլլան կորուստները, որոնց մասին չի հաղորդեր: Ասիկա ունի եւ քաղաքական եւ անձնական նպատակ», ըսած է Դաւիթ Բաբայեան, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի հետ զրոյցին ընթացքին:

Տարեսկիզբէն արդէն հայկական կողմը 12 զոհ ունի: Ազրպէյճանական կորուստներու մասին յստակ տեղեկութիւններ չկան: ԱՓԱ լրատու  գործակալութիւնը, վկայակոչելով Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական հաղորդագրութիւնը, կը տեղեկացնէ, որ հինգշաբթի երեկոյեան փոխհրաձգութեան մը ընթացքին մահացած է զինուոր  Ֆարիտ Աղայեւ: Վայրը, ուր տեղի ունեցած է դէպքը, չի նշուիր: Բացի ատկէ, ազրպէյճանական լրատու միջոցները երէկ հաղորդած են, որ Ազրպէյճանի Թովուզի շրջանի Ալիպէյլի գիւղին մէջ ձեռքէն վիրաւորուած է տեղւոյն բնակիչ Խաթիրա Ալիեւա: Ազրպէյճանական աղբիւրներու պնդումով, կինը վիրաւորուած է հայկական զինեալ ուժերուն կողմէ գիւղին ուղղութեամբ արձակուած կրակոցներու հետեւանքով:

 

Նախորդը

Ռուստամեան. «Ի՞Նչ Տեսակէտ Պէտք Է Յայտնէ ՀՅԴ-ն Իր Իսկ Ներկայացուցած Գաղափարներուն Վերաբերեալ»

Յաջորդը

Թուրքիա Գաղտնի Կը Պահէ Կալիփոլիի 100-Ամեակի Նշման Մասնակիցներու Ցանկը` Վախնալով Հայկական Լոպիէն

RelatedPosts

Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Հայկական

Կալուզին. «Պաքուի Եւ Երեւանի Միջեւ Վերջնական Հաշտութիւնը Պէտք Է Ստորագրուի Մոսկուայի Մէջ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ
Գլխաւոր լուրեր

Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
Պայրամով Կրկին Խօսած Է Հայաստանի Սահմանադրութեան Մէջ «Տարածքային Պահանջներու» Մասին
Հայկական

Պայրամով Կրկին Խօսած Է Հայաստանի Սահմանադրութեան Մէջ «Տարածքային Պահանջներու» Մասին

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?