Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուստամեան. «Ի՞Նչ Տեսակէտ Պէտք Է Յայտնէ ՀՅԴ-ն Իր Իսկ Ներկայացուցած Գաղափարներուն Վերաբերեալ»

February 7, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

20615_RusdamianԽորհրդարանական ասուլիսներու ընթացքին, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան, երէկ ամփոփելով քառօրեան, առանձնացուցած է «Շրջանառութեան հարկի» մասին օրէնքի յետաձգման հարցը եւ վերահսկիչ տան հաշուետուութեան հարցը: Ան նշած է, որ Վերահսկիչ տան հաշուետուութեան կապուած դէպքերը պէտք է բացառուին, եւ ամէն ինչ պէտք է օրէնքին համապատասխան կատարուի, ինչ որ չէ կատարուած:

Լրագրողները հարցում ուղղած են Արմէն Ռուստամեանին ոչ իշխանական ուժերու կողմէ ներկայացուած կառավարական ճգնաժամի նախագիծին մասին: Պատգամաւորը կարծիք յայտնած է, որ արդէն շատոնց կառավարական ճգնաժամը լուրջ բնոյթ ունի եւ մտահոգիչ է: Ան աւելցուցած է, որ Ազգային ժողովին մէջ կայ ներկայացուցչական կազմի լուրջ խախտում, եւ ատկէ կը սկսի ամէն ինչ: «Երկրին մէջ պէտք է կատարուի համակարգային փոփոխութիւն, առանց ատոր  կարելի չէ, որ մենք ազատինք այդ բացասական գնահատականներէն», ըսած է Արմէն Ռուստամեան:

Լրագրողները հետաքրքուած են, թէ ի՞նչ կարծիք ունի ՀՅԴ-ն նախանցեալ օր Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած խորհրդաժողովին մէջ Գագիկ Ծառուկեանի արտայայտած միտքերուն վերաբերեալ: Ռուստամեան նշած է, որ հրապարակաւ ըսուածին մասին Դաշնակցութիւնը շատոնց  յայտարարած է: Պատգամաւորը նշած է, որ կրնայ, այդ ելոյթին կապուած բառ առ բառ ըսել, թէ Դաշնակցութիւնը որ թուականէն այդ մասին խօսած է: Ըստ Արմէն Ռուստամեանի, 2010-ին, երբ եղած է Դաշնակցութեան Գերագոյն Ժողովը, երբ Դաշնակցութիւնը դուրս եկաւ համաձայնական դաշինքէն, ինք անձամբ ըսած է, որ Դաշնակցութիւնը կը ցանկայ ձեւաւորել նոր որակի իշխանութիւն: «Մենք փաստօրէն շատոնց խօսած ենք նոր որակի իշխանութեան ձեւաւորման անհրաժեշտութեան մասին եւ թէ ատիկա ինչ կը նշանակէ: Ըսած ենք, որ իշխանութիւն-պետութիւն նոյնացած են, բազմաթիւ անգամ ըսած ենք: Ըսողին լսող պէտք է, մենք այսքան կ՛ըսենք, ոչ ոք կը լսէ, հիմա կը պարզուի, որ այդ բոլորին վերաբերեալ Դաշնակցութիւնը պէտք է տեսակէտ յայտնէ: Ի՞նչ տեսակէտ պէտք է յայտնէ Դաշնակցութիւնը իր իսկ կողմէ ներկայացուած գաղափարներուն  վերաբերեալ: Անշուշտ պէտք է կողմ ըլլայ», ըսած է Արմէն Ռուստամեան: Ըստ պատգամաւորին, անհասկնալի է, որ կառավարման ձեւը չփոխելով, կը փորձեն նոր որակի իշխանութիւն ձեւաւորել: «Մենք պատերազմի մէջ ենք քանի տարիէ, նո՞ր յիշած ենք, որ պատերազմը կրնայ խոչընդոտել կառավարման ձեւի փոփոխութիւնը: Եթէ այդպէս ըլլար, Իսրայէլ խորհրդարանական համակարգ չէր ունենար: Մենք խօսած ենք անձնակազմի քաղաքականութեան մասին, որ սփիւռքի բանիմաց տարրերը պետականաշինութեան հոլովոյթ պէտք է ներառուին: Մենք ալ կ՛ըսենք, որ իշխանափոխութիւնը պէտք չէ մարդափոխութիւն ըլլայ: Իշխանափոխութիւնը, որպէսզի ծառայէ ժողովուրդին, վարչախումբ եւ համակարգ պէտք է փոխուի: Կ՛ուզէի, որ քաղաքական ուժերով նստինք եւ մեր ժողովուրդին բացատրենք մանրամասն, թէ ինչ պէտք է ընել, որպէսզի մեր ժողովուրդը չխաբենք եւ յուսախաբ չընենք: 90-ականներուն ունեցած ենք անխոցելի, լաւագոյն ընտրութիւններ, ուրեմն ինչո՞ւ ատկէ ետք ժողովրդավարութիւնը չամրապնդուեցաւ, որովհետեւ ունեցանք այնպիսի սահմանադրութիւն, որ քանդեց ժողովրդավարութիւնը, հիմք դնելով գերկեդրոնացած իշխանութեան ստեղծման», ըսած է Արմէն Ռուստամեան:

 

Նախորդը

Աբրահամեան Մասնակցեցաւ Եւրասիական Միջկառավարական Խորհուրդի Նիստին

Յաջորդը

Ա. Յովհաննիսեան. «Այս Պահուն Սահմանին Վրայ Կայ Դանդաղ Պատերազմ»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.