Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան երէկ ընդունած է Հայաստանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քեթրին Լիչը:
Ըստ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան ծառայութեան, հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Հայաստան – Բրիտանիա եւ Հայաստան – ՕԹԱՆ երկկողմ համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ շրջանային անվտանգութեան առնչուող հարցեր: