Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի Ռուսիա աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ հինգշաբթի ստորագրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ հիւլէական ելեկտրակայանի շահագործման ժամկէտի երկարաձգման աշխատանքներու ֆինանսաւորման համար Հայաստանի կառավարութեան վարկ տրամադրելու մասին համաձայնագիր:
Այս մասին կը տեղեկացնէ կառավարութեան պաշտօնական կայքը:
Հայկական կողմէ համաձայնագիրը ստորագրած է Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային տնտեսական համարկման եւ բարեփոխումներու նախարարի առաջին տեղակալ Սուրէն Կարայեան, ռուսական կողմէ` Ռուսիոյ ելեւմուտքի փոխնախարար Սերկէյ Սթորչաք: