
«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տունը չէ կրցած որդեգրել դեմոկրատականներուն առաջարկած պետական պարտքի առաստաղի բարձրացման օրինագիծը:
Նախնական քուէարկութեան ընթացքին, 246 ներկայացուցիչներէն միայն 173-ը պաշտպանած են նշեալ օրինագիծը: Այսպիսով, դեմոկրատականները չեն յաջողած անհրաժեշտ երկու երրորդի չափով ձայներ ապահովել եւ ստանալ հանրապետականներուն աջակցութիւնը:
Դեմոկրատականներուն առաջարկած փաստաթուղթին մէջ կը նախատեսուէր բարձրացնել պետական պարտքի առաստաղը 2.5 եռիլիոն տոլարով եւ կրճատել պետական ծախսերը շուրջ 2.2 եռիլիոն տոլարով: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտարարած էր, որ դեմոկրատականներն ու հանրապետականները Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային պիւտճէի բացի կրճատման եւ պետական պարտքի առաստաղը բարձրացնելու հարցին մէջ պէտք է փոխզիջումի յանգին: Ըստ անոր, ատոր իրականացման համար շատ քիչ ժամանակ մնացած է: Եթէ մինչեւ 2 օգոստոս պետական պարտքի առաստաղը չբարձրանայ, երկրին պետական պարտքի վճարման թեքնիք անկարողութիւն կը սպառնայ: Նկատի ունենալով Միացեալ Նահանգներու տնտեսութեան համաշխարհային տնտեսութեան մէջ ունեցած դերն ու կշիռը` այդ մէկը կը սպառնայ աշխարհի մէջ ստեղծել 1930-ականներու նման տնտեսական մեծ ճգնաժամ մը:
Ծերակոյտը, որուն մեծամասնութիւնը Դեմոկրատական կուսակցութեան ներկայացուցիչներէն բաղկացած է, մէկ օր առաջ մերժած էր Միացեալ Նահանգներու պետական պարտքի առաստաղը 900 միլիառ տոլարով բարձրացնելու հանրապետականներու օրինագիծը: Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Ճոն Պէյնըրի ներկայացուցած օրինագիծը 41 թեր եւ 50 դէմ քուէներով մերժուած է:
Այս որոշումէն քանի մը ժամ առաջ նշեալ օրինագիծը Ներկայացուցիչներու տան կողմէ հաւանութեան արժանացած էր:
Մինչ այդ, «Կալլուփ»ի կատարած մէկ հարցախոյզին համաձայն, նախագահ Պարաք Օպամայի նկատմամբ վստահութեան վարկանիշը հասած է մրցանշային ցած համեմատութեան: Ըստ հարցախոյզին, անցեալ շաբաթ նախագահին նկատմամբ վստահութեան համեմատութիւնը նուազելով հասած է 40 առ հարիւրի:
Մասնագէտները Օպամայի վարկանիշին անկումը կը պայմանաւորեն քոնկրեսին հետ երկրի պետական պարտքի առաստաղը բարձրացնելու մասին համաձայնութիւն ձեռք բերելու անոր անկարողութեամբ: Քաղաքագէտները կը նշեն, թէ որքան երկար տեւէ Սպիտակ տան եւ քոնկրեսին միջեւ այս հարցով բանակցութիւնը, այդքան Օպամայի վարկանիշը անկում պիտի կրէ:


