Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ասիական Բարգաւաճման Դրամատունը Պատրաստ Է Օժանդակելու Հայաստանին

Փետրուար 4, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

20315_ojantagՀայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան  երէկ ընդունած է Ասիական բարգաւաճման դրամատան կեդրոնական եւ արեւմտեան Ասիոյ շրջանային տնօրէն Քլաուս Կերհաուզըրի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Աբրահամեան կարեւոր նկատած է համագործակցութիւնը Ասիական բարգաւաճման դրամատան հետ եւ նշած, որ դրամատան հետ իրականացուող բոլոր ծրագիրները կը գտնուին իր մնայուն ուշադրութեան եւ հսկողութեան տակ:

Յովիկ Աբրահամեան շեշտած է նաեւ նուիրատուներու յատկացումներով իրականացուող ծրագիրներու արդիւնաւէտութեան բարձրացման անհրաժեշտութիւնը եւ նշած, որ յստակ յանձնարարականներ տուած է համապատասխան նախարարութիւններուն, բոլոր ծրագիրները  արդիւնաւէտ կերպով իրականացնելու համար:

Քլաուս Կերհաուզըր իր կարգին բարձր գնահատած է Հայաստանի կառավարութեան հետ համագործակցութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնած  Յովիկ Աբրահամեանին լիակատար փոխըմբռնման եւ փոխգործակցութեան համար: Կերհաուզըր տեղեկացուցած է, որ Ասիական բարգաւաճման դրամատան ղեկավարութիւնը միաձայն վաւերացուցած է Հայաստանի հետ համագործակցութեան հնգամեայ ծրագիրը, որ  կը մատնանշէ երկկողմ գործակցութեան ուղղութիւնները եւ ներդաշնակ է Հայաստանի բարգաւաճման համար հաստատուած առաջնահերթութիւններուն:

Փաստաթուղթով կը նշուին քաղաքային կայուն բարգաւաճման ծրագիրի, փոխադրամիջոցներու, ուժանիւթի եւ այլ մարզերու մէջ իրականացուող միացեալ ծրագիրներն ու նախագիծերը: Զրուցակիցները նաեւ քննարկած են Հիւսիս-հարաւ ճանապարհային միջանցքին, քաղաքային կայուն բարգաւաճման ծրագիրին, երկրաշարժներու պարագային դպրոցներուն անվտանգութիւնը ապահովելու ուղղութեամբ գործակցութեան կարելիութիւններուն, շրջաններու միջեւ ճամբաներու վերանորոգման, Ասիական բարգաւաճման դրամատան հետ միացեալ  կազմակերպուելիք միջազգային ներդրումային համաժողովին եւ Ասիական բարգաւաճման դրամատան կողմէ տրամադրուող թեքնիք  օժանդակութեան առնչուող հարցեր:

Հանդիպման ընթացքին Յովիկ Աբրահամեան եւ Քլաուս Կերհաուզըր անդրադարձած են նաեւ  շրջանային զարգացումներուն: Քլաուս Կերհաուզըր նշած է, որ արձանագրուող տնտեսական իրավիճակը պայմանաւորուած է համաշխարհային տնտեսութեան մէջ ծագած խնդիրներով եւ աւելցուցած, որ Ասիական բարգաւաճման դրամատունը պատրաստ է օժանդակելու Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան` մարտահրաւէրները դիմագրաւելու համար:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Ներկայացուց «Շրջանառութեան Հարկի Մասին» Օրէնքին Մէջ Փոփոխութեան Իր Առաջարկները

Յաջորդը

Բակօ Սահակեան. «Իրադարձութիւններուն Զարգացումը Դժբախտաբար Ունեցաւ Ոչ Ցանկալի Հետեւանքներ»

RelatedPosts

Շրջափակման 100-րդ Օրը Ստեփանակերտի Մէջ  ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան  Նախաձեռնութեամբ Ցոյց Կազմակերպուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Շրջափակման 100-րդ Օրը Ստեփանակերտի Մէջ ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան Նախաձեռնութեամբ Ցոյց Կազմակերպուեցաւ

Մարտ 22, 2023
Միացեալ Նահանգներուն Կոչ Ուղղելով Անհետեւանք  Չձգելու Ազրպէյճանի Քայլերը`  «Պատերազմական Գերիները Հետապնդելը  Միջազգային Ուխտերու Կոպիտ Խախտում Է»  Կ՛ըսէ Շիֆ
Հայկական

Քոնկրեսական Շիֆ Կը Դատապարտէ Ազրպէյճանի Նկատմամբ Պատժամիջոցները Բացառելու Վերաբերեալ Պոնոյի Յայտարարութիւնը

Մարտ 22, 2023
Արցախի Շրջափակման 100-րդ Օրուան Առիթով.   ՀՅԴ ԶՈՄ եւ ԼԵՄ Բողոքագիրներ Յանձնեցին  Լիբանանի Մէջ Օտար Դիւանագիտական  Ներկայացուցչութիւններու
Գաղութային

Արցախի Շրջափակման 100-րդ Օրուան Առիթով. ՀՅԴ ԶՈՄ եւ ԼԵՄ Բողոքագիրներ Յանձնեցին Լիբանանի Մէջ Օտար Դիւանագիտական Ներկայացուցչութիւններու

Մարտ 22, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In