Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Ներկայացուց «Շրջանառութեան Հարկի Մասին» Օրէնքին Մէջ Փոփոխութեան Իր Առաջարկները

February 4, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

20315_minasyan (1)Ազգային ժողովի երէկուան նիստին, երբ կը քննարկուէր «Շրջանառութեան հարկի մասին» օրէնքը յետաձգելու վերաբերեալ նախագիծը, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան նշած է, որ կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ օրէնքը անցած է ոչ միայն բազմաթիւ քննարկումներէ եւ առճակատումներէ, այլ նաեւ ցոյց տուած, որ կարելի չէ երկրին մէջ ունենալ կայուն, վստահելի եւ դրական սպասումներով հասարակութիւն, եթէ անընդհատ օրէնսդրական փոփոխութիւններ իրականացուին: Եւ պատահական չէ, որ այդ օրէնքը կիրառման ընթացքին բազմաթիւ վէճերու  առարկայ դարձած է:

«Թէեւ երկու տարուան մէջ «Շրջանառութեան հարկի մասին» օրէնքին վերաբերեալ բազմաթիւ հարցումներ եւ պատասխաններ հնչած են, բայց մնացած է երեք սկզբունքային հարց: Առաջին հարցը կը վերաբերի շրջանառութեան ծաւալի յաւելման: 58,3 միլիոն դրամ շեմը ոչ մէկ իրաւական եւ տնտեսական հիմնաւորում ունի: Երկրորդ հարցը կը վերաբերի տոկոսադրոյթին, երրորդ հարցը` փաստաթուղթ ունենալու  պահանջին», ըսած է պատգամաւորը, աւելցնելով, որ այս երեք հարցերուն հետեւանքով ալ յառաջացած է խառնաշփոթը:

Արծուիկ Մինասեան ներկայացուցած է «Շրջանառութեան հարկի մասին» օրէնքի փոփոխութեան ՀՅԴ-ի առաջարկները: Ըստ այդմ` Դաշնակցութիւնը կ՛առաջարկէ կամաւորութեան` «եւ, եւ» սկզբունքը, այսինքն` 58,3 միլիոն դրամի շեմը դարձնել 150 միլիոն դրամ:

Երկրորդ` շրջանառութեան ծաւալի մէջ մտցնել յառաջատուական հարկման մեթոտը: Արծուիկ Մինասեանի խօսքով` այդ առաջարկները կը խրախուսեն փոքր եւ միջին ձեռնարկատէրերը, մեծցնելու առեւտուրի շրջանառութեան ծաւալը, եւ կը բացառուի հարկային մարմիններուն կողմէ մահակի կիրառման քաղաքականութիւնը:

«Շրջանառութեան հարկի մասին» նոր օրէնքը, որուն կիրառումը կառավարութիւնը արդէն անգամ մը յետաձգած էր` հոկտեմբերէն տեղափոխելով փետրուար, կրկին յետաձգուած է նախագահին մօտ տեղի ունեցած խորհրդակցութենէն ետք: Այս անգամ կառավարութիւնը նոր օրէնքը յետաձգած է մինչեւ 1 յուլիս, միաժամանակ վստահեցնելով, որ մինչ այդ իրենք նոր մօտեցումներ պիտի գտնեն մինչեւ  58.3 միլիոն դրամի շեմը աշխատող ձեռնարկատէրերուն համար:

Հակառակ կառավարութեան այս յայտարարութեան, առեւտրականները այնքան ալ լաւատես չեն տրամադրուած: Փոքր առեւտրականներու միութեան նախագահ Արմէն Ասլանեան նշած է, որ իրենք այնքան ալ միամիտ չեն, որպէսզի հաւատան ելեւմուտքի նախարարութեան եւ այն փաստին, որ մինչեւ 1 յուլիս տուեալ կառոյցը ամէն ինչ պիտի կատարէ այնպէս, ինչպէս որ պէտք է: «Մենք պիտի պայքարինք մինչեւ վերջ: Իշխանութիւնը պարտաւոր է նկատի առնելու  մեր կարծիքը, մենք այնպէս մը պիտի ընենք, որ վերանան նաեւ հարկային համակարգին մէջ գոյութիւն ունեցող ամբողջ փտածութիւնը: Փոքր առեւտրականները պէտք չէ հեծանիւներով շրջագային, իսկ պետական պաշտօնատարները` ինքնաշարժներով», նշած է Արմէն Ասլանեան:

 

 

 

Նախորդը

Ուորլիք. «Մտահոգուած Ենք Շփման Գիծին Վրայ Տեղի Ունեցող Բռնութիւններով Ու Կը Նախատեսենք Այցելել Շրջան»

Յաջորդը

Ասիական Բարգաւաճման Դրամատունը Պատրաստ Է Օժանդակելու Հայաստանին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Իսրայէլի Թիրախափոխումները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլի Թիրախափոխումները

February 25, 2026
Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ  Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ  Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»

February 25, 2026
Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»
Գլխաւոր լուրեր

Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.