Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաշնակցութիւնը Կ՛առաջարկէ Որդեգրել Յառաջադէմ Հարկի Սկզբունք

February 3, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

20215_AJԱզգային ժողովի երէկուան նիստին, երբ կը քննարկուէր «Շրջանառութեան հարկի մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին հարցը, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան հարցում ուղղած է հիմնական զեկուցող` Հայաստանի Հանրապետութեան ելեւմուտքի փոխնախարար Վախթանկ Միրումեանին:

«Իբրեւ պետութիւն, կարծես երկու խնդիր ունինք: Առաջինը` բարենպաստ պայմաններ ստեղծել, որ փոքր ու միջին առեւտուրը կայանայ եւ զարգանայ, երկրորդ` ստուերը կարելի եղածին չափ օրէնքին ենթակայ դառնայ: Արդէն երկրորդ անգամ ըլլալով է, որ կը յետաձգենք տարի մը առաջ ընդունուած օրէնքի կիրարկումը, առանց լուծելու խնդիրը: Կ՛ըսէք, թէ կը քննարկենք եւ  մինչեւ յուլիս կը գտնենք լուծումները, բայց այս կառավարութիւնը ունէր ժամանակ ատոր համար: Ի՞նչն է լուծումը», հարցուցած է պատգամաւորը:

Իսկ ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան իր կարգին հետեւեալ հարցումը ուղղած է. «Արդեօք ունի՞ք  գնահատական, թէ այս ընթացքին որքան վնաս հասցուած է տնտեսութեան, օրէնքը յետաձգելով: Պատգամաւորը նկատի ունեցած է, որ բացասական սպասումները աւելի մեծ վնաս կը  հասցնեն: Արծուիկ Մինասեան նաեւ հարցուցած է, թէ կամաւորութեան գաղափարը ի՞նչ կը  ներկայացնէ:

Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան «Երկիր»-ին հետ երէկուան զրոյցին ընթացքին, խօսելով «Շրջանառութեան հարկի» վերաբերեալ Ազգային ժողովի նախագահին մօտ քաղաքական խմբակցութիւններու քննարկման մասին, նշած է, որ որոշում տրուած է յետաձգել այդ հարցով արտակարգ նիստը, որպէսզի հարցը քննարկեն յաջորդ քառօրեայի ընթացքին, նպատակ ունենալով միասնական քննարկումով աւելի մեծ արդիւնքի հասնիլ:

«Բնականաբար պէտք է հաշուի առնուին այն պահանջները, որոնք կը ներկայացնեն առեւտրականները եւ գտնենք բոլորին համար ընդունելի տարբերակ», ըսած է Արմէն Ռուստամեան, աւելցնելով, որ Դաշնակցութիւնը ունի իր առաջարկը, կարեւոր կէտերէն մէկն այն է, որ որդեգրուի յառաջադէմ հարկման սկզբունքը, որ կը խրախուսէ մարդիկը աշխատելու օրէնքի դաշտին մէջ, եւ կրնայ մեծցնել առեւտրականներու գործունէութեան ծաւալը, ոչ թէ փոքր եւ միջին ձեռնարկատէրերը փորձեն թաքցնել իրենց առեւտուրի ծաւալները կամ տուգանուիլ:

Մեր առաջարկը աւելի հայեցակարգային է, որ եթէ ընդունին, բոլոր հարցերու լուծումները կը գտնուին», ըսած է Արմէն Ռուստամեան:

 

 

Նախորդը

Ըստ Արմէն Ռուստամեանի. Ներքաղաքական Պայքարը 100-Ամեակին Կապելը Անընդունելի Է

Յաջորդը

«Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւններուն Մէջ Մինչեւ Ապրիլ Փոփոխութիւն Չենք Ակնկալեր» Կ՛ըսէ Առընչ

RelatedPosts

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ  Մեծամասնութիւնը Դէմ Է  Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ Մեծամասնութիւնը Դէմ Է Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»

October 31, 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի  Յայտարարութիւն.  Սփիւռքի Եւ Համահայկական Կառոյցներու Դէմ  Նոր-Պոլշեւիկեան Արշաւի Սաստկացում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Հրապարակած Է Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող 20 Հայ Պատանդներու Մասին Թղթածրար

October 31, 2026
Արծուիկ Մինասեան. «Բոլոր Ջանքերը  Պիտի Գործադրենք, Որպէսզի Օր Առաջ  Իշխանազրկուի Հայրենիքը  Յանձնող Այս Իշխանութիւնը»
Հայկական

Արծուիկ Մինասեան Ընտրուեցաւ Մրցակցութեան Եւ Սպառողներու Շահերու Պաշտպանութեան Յանձնախումբի Անդամ

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.