Երէկ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանի հանդիպումը:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են ղարաբաղեան հիմնահարցի խաղաղ լուծման մասին ընթացող բանակցային հոլովոյթին շուրջ:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է տարեսկիզբէն Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի հետ սահմանին եւ Արցախի հետ շփման գիծին վրայ զինադադարի ամէնէն կոպիտ խախտումներուն եւ անոնց վերաբերեալ միջազգային արձագանգներուն: Նախարարներ Նալբանդեան եւ Միրզոյեան քննարկած են Հայաստանի եւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ գործակցութեան առնչուող հարցեր: