Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը իր երէկուան նիստին ընթացքին որոշած է միջոցներու ձեռնարկել արտարժութային դրամագլուխի ներհոսք ապահովելու ուղղութեամբ, օտար դրամանիշային պարտատոմսերու հրապարակման միջոցով:
Ատոր համար, ըստ կառավարութեան, անհրաժեշտ է ունենալ միջազգային իրաւախորհրդատու եւ գլխաւոր բաշխող, որոնց ծառայութիւններուն գնումը պիտի իրականացուի բանակցային ընթացակարգով:
Համաշխարհային տնտեսութեան վերջին տարիներու վերիվայրումները վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան բնութագրած է իբրեւ տնտեսական պատերազմ եւ շեշտած, որ Հայաստան պէտք է պատրաստ ըլլայ իւրաքանչիւր բեմագրութեան:
Արտահանումը խթանելու օրինագիծը արդէն իսկ ուղարկուած է Ազգային ժողով եւ պիտի քննարկուի առաջին քառօրեային ընթացքին: Արտարժութային պարտատոմսերու հրապարակումը պէտք է դիտարկել միջազգային շուկաներէն դրամ բերելու կարելիութեան տեսակէտէն: Գումար ներգրաւելը պէտք է ազդակ ըլլայ, որպէսզի մեծ ծաւալի ենթակառուցային ծրագիրներու համար այլ ներդրողներ եւս ի յայտ գան: