Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Վարչապետին Հետ Հանդիպումը Գոհացուց Առեւտրականները. Անոնք Ցրուեցան

Յունուար 31, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

13015_tser«Շրջանառութեան հարկի մասին» նոր օրէնքին դէմ բողոքող առեւտրականները գոհացուցած է Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի հետ հանդիպումը: Առեւտրականներու 15 հոգինոց խումբը երէկ ընդունած էր վարչապետին առաջարկը եւ բարձրացած էր կառավարութեան շէնք` անոր հետ հանդիպելու:

Առեւտրականները տեղեկացուցած են, որ վարչապետին հետ քննարկումին ընթացքին անոր ներկայացուցած են օրէնքի վիճայարոյց կէտերը, որոնց շարքին` տարեկան շրջանառութեան ցած շեմն ու փաստաթուղթերու հարցը: Ըստ առեւտրականներուն, վարչապետը խոստացած է քննարկել ներկայացուած խնդիրները եւ երկուշաբթի պատասխանել: Առեւտրականները երկուշաբթի առաւօտեան պիտի հաւաքուին Ազգային ժողովի շէնքին մօտ, ապա պիտի շարժին դէպի կառավարութեան շէնք` լսելու համար վարչապետին պատասխանը: Մինչ այդ, անոնք պիտի շարունակեն աշխատիլ: Առեւտրականները նաեւ դադրեցուցած են կառավարութեան շէնքին մօտ երէկ սկսած իրենց բաց  նստացոյցը:

Վարդանեան. «Մենք Առեւտրականներուն
Կ՛աջակցինք Յստակ Գործով

1 փետրուարին ուժի մէջ պիտի մտնէ  «Շրջանառութեան հարկի մասին» նոր օրէնքը: Արդէն օրերէ ի վեր առեւտրականները բողոքի ցոյց կ՛ընեն կառավարութեան շէնքին առջեւ` պահանջելով կասեցնել օրէնքը:

Նշեալ օրէնքին, առեւտրականներու բողոքի շարժումներուն, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ-ի կողմէ ձեռնարկուելիք քայլերուն մասին «Երկիր» -ը զրուցած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի  ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեանի հետ, որ նախ յիշեցուցած է, որ «Շրջանառութեան հարկի մասին» օրէնքին վերաբերեալ ՀՅԴ-ի տեսակէտները վաղուց յայտնի են: Ազգային ժողովին մէջ օրէնքի բոլոր քննարկումներուն ժամանակ ՀՅԴ խմբակցութիւնը յստակօրէն արձանագրած է այն վտանգները, որոնք կրնան փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւններու ներկայացուցիչներուն  համար խնդիրներ ստեղծել: ՀՅԴ խմբակցութիւնը տակաւին այն ժամանակ որոշ առաջարկներ ըրած էր եւ  օրէնքին կողմ չէր քուէարկած:

«Որո՞նք եղած են մեր առաջարկները: Առաջին` 58,3 միլիոնի շեմը բարձրացնել մինչեւ 150 միլիոն: Երկրորդ` կիրարկել յառաջադէմ հարկի մեքանիզմ, այսինքն, օրինակ, մինչեւ 30 միլիոն շրջանառութիւն ունենալու պարագային կիրարկել 0 դրոյթ, աւելի բարձրի պարագային` մէկ առ հարիւր եւ այլն: Բայց ասիկա միայն փաստաթուղթ ունեցող  ապրանքներու պարագային: Իսկ  փաստաթուղթ չունեցող ապրանքներու պարագային կիրարկել աւելի բարձր դրոյթ, որպէսզի փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւններու ներկայացուցիչները շահագրգռուած ըլլան փաստաթուղթ ունեցող ապրանքներով: Եւ մեր չորրորդ առաջարկն էր, որ ըլլայ  փուլային տարբերակ: Ցաւօք, մեծամասնութիւնը, միւս քաղաքական ուժերը չեն պաշտպանած մեր առաջարկները, որոնք, համոզուած եմ, կը բաւարարէին փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւններու ներկայացուցիչները: Նաեւ կառավարութիւնը պարտաւոր է գործնական քայլերով  հարկերու ենթարկել մեծ առեւտուրը, փաստաթուղթ տրամադրել: Մենք կը ծրագրենք երկուշաբթի իսկ, նոր նստաշրջանի սկիզբը, թարմացնել մեր առաջարկները եւ ներկայացնել օրէնսդրական նախաձեռնութեան տեսքով: Եւ այդ ժամանակ պարզ կ՛ըլլայ, թէ որո՛նք են  խնդիրը լուծելու իրական կողմնակիցները: Մեր մօտեցումը միշտ յստակ է` գործնական, որոշ  աշխատանքով լուծել խնդիրը, աջակցիլ փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւններու ներկայացուցիչներուն, որպէսզի անոնք կարենան աշխատիլ, ապահովել իրենց ընտանիքի ապրուստը, այլ ոչ թէ արտագաղթեն: Ամբոխավարութեամբ, մարդիկը ցուցադրաբար սիրաշահելով քաղաքական շահ հետապնդելը մեր ձեռագիրը չէ», ըսած է Աղուան Վարդանեան:

 

 

Նախորդը

Հայաստանի Եւ Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպում

Յաջորդը

Ուրուկուէյի Նախագահը Կոչ Կ՛ուղղէ` Հայոց Ցեղասպանութեան Նկատմամբ Պատշաճ Յարգանք Ցուցաբերելու

RelatedPosts

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը Որեւէ Երրորդ Կողմի Առջեւ Պարտաւորութիւն Չէ Ստանձնած Եւ Պիտի Չստանձնէ` Փոխելու Սահմանադրութիւնը»  Կ՛ըսէ Արարատ Միրզոյեան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը Որեւէ Երրորդ Կողմի Առջեւ Պարտաւորութիւն Չէ Ստանձնած Եւ Պիտի Չստանձնէ` Փոխելու Սահմանադրութիւնը» Կ՛ըսէ Արարատ Միրզոյեան

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պաքուի Մէջ «Անհետ Կորսուածներու Հարցով» Համաժողովին Մասնակցողները Բռնագրաւեալ Արցախ Այցելեցին
Հայկական

Պաքուի Մէջ «Անհետ Կորսուածներու Հարցով» Համաժողովին Մասնակցողները Բռնագրաւեալ Արցախ Այցելեցին

Հոկտեմբեր 15, 2025
Ազրպէյճանի Հոգեւոր Առաջնորդը Կրկին Մեղադրանքներ Հնչեցուցած Է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հասցէին
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանի Հոգեւոր Առաջնորդը Կրկին Մեղադրանքներ Հնչեցուցած Է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հասցէին

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?