Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարդան Պետրոսեան Դատապարտուեցաւ 5 Տարուան Բանտարկութեան. Փաստաբանը Հաստատեց Ամիսէ Մը Անոր Ազատ Արձակումը

January 30, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

0130VartanԿոտայքի մարզի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանին մէջ դատաւոր Վաղինակ Մկրտչեան հրապարակեց դերասան Վարդան Պետրոսեանի դատավճիռը` յայտարարելով, որ ան դատապարտուած է 5 տարուան բանտարկութեան, ինչպէս նաեւ երկու տարիով զրկուած է ինքնաշարժ վարելու իրաւունքէն:

Դատական նիստէն ետք լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Վ. Պետրոսեանի փաստաբան Նիքոլայ Բաղդասարեան հաստատեց, որ ամիս մը ետք Վարդան Պետրոսեան արդէն ազատ արձակուած պիտի ըլլայ: «Անկախ անկէ, որ տուժող կողմը պիտի բողոքարկէ Կոտայքի մարզի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի այսօրուան վճիռը, թէ ոչ, դերասան Վարդան Պետրոսեանը ապրիլին արդէն ազատ պիտի ըլլայ: Գիտենք, որ կ՛ենթադրուի ապրիլին համաներումի հրամանագիրի հրապարակումը: Նախորդ համաներման հրամանագիրէն մեկնելով գիտենք, որ 5 տարուան բանտարկութեան պարագային եւ անզգուշ յանցագործութիւններու պայմաններուն մէջ տեղի ունեցած յանցանքին  համաներման հրամանագիրով դատապարտման ժամկէտը կը նուազի: Եթէ տուժող կողմը որոշէ բողոքարկել այս դատական հրամանագիրին, վերաքննիչ դատարանին ոչինչ կը մնայ, բացի գործը կրճատել եւ Վարդան Պետրոսեանը դատարանի դահլիճէն ազատել: Բոլոր պարագաներուն ապրիլին ան տունը պիտի ըլլայ, բողոքարկեն կամ ոչ», հաստատած է ան:

Ն. Բաղդասարեան նշած է, որ իրենք դիմած են Յատուկ քննչական ծառայութիւն` քննիչին կողմէ փաստաթուղթերու կեղծման, անգործութեան փաստերով. 2 փետրուարին նշանակուած է դատական նիստ:

«Իմ կարծիքովս, պիտի նշանակուի ինքնաշարժի թեքնիք փորձաքննութիւն, որուն լոյսին տակ երեւան պիտի գան նոր հանգամանքներ այն մասին, որ գործին կցուած որոշ ապացոյցներ ձեռք բերուած են օրէնքի խախտումով: Միայն անկէ ետք պիտի բողոքարկենք այս դատավճիռը: Այս պարագային մենք կը շահինք այն, որ Վարդան Պետրոսեան պիտի ըլլայ ազատութեան մէջ, իսկ այս գործով հանդէս պիտի գայ որպէս տուժող», դիտել տուած է փաստաբանը:

Ան յայտնած է, որ Վարդան Պետրոսեանի հետ արդէն համաձայնութիւն ունէր, որ ինչ վճիռ ալ կայացուի, իրենք անիկա պիտի չբողոքարկեն. «Պատճառը այն է, որ մէկ ամիս անց Վարդան Պետրոսեան ազատ պիտի ըլլայ, զուգահեռ այլ քրէական գործով մենք կը շարունակենք մեր պայքարը»:

Դատական նիստէն ետք տուժող կողմի փաստաբան Ռ. Բալոյեան յայտարարած էր, որ իրենք պիտի բողոքարկեն դատավճիռը:

 

 

Նախորդը

Ռիվլին ՄԱԿ-ի Ամպիոնէն Խօսած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին

Յաջորդը

Փոքր Եւ Միջին Ձեռնարկութիւններու Ներկայացուցիչները Կը Սպառնան Գործադուլ Կատարել

RelatedPosts

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ  Մեծամասնութիւնը Դէմ Է  Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ Մեծամասնութիւնը Դէմ Է Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»

October 31, 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի  Յայտարարութիւն.  Սփիւռքի Եւ Համահայկական Կառոյցներու Դէմ  Նոր-Պոլշեւիկեան Արշաւի Սաստկացում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Հրապարակած Է Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող 20 Հայ Պատանդներու Մասին Թղթածրար

October 31, 2026
Արծուիկ Մինասեան. «Բոլոր Ջանքերը  Պիտի Գործադրենք, Որպէսզի Օր Առաջ  Իշխանազրկուի Հայրենիքը  Յանձնող Այս Իշխանութիւնը»
Հայկական

Արծուիկ Մինասեան Ընտրուեցաւ Մրցակցութեան Եւ Սպառողներու Շահերու Պաշտպանութեան Յանձնախումբի Անդամ

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.