Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՔԱՐԻՒՂԻ ՀԱՆՔԵՐՈՒՆ ԴԷՄ ՈՏՆՁԳՈՒԹԵԱՆ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ ԲԱՆԱԿՆ Է, ՈՐ ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԵՒ ՈՉ ԹԷ ԴՈՒՆ» ԺԱՀԺԱՀ Կ՛ԸՍԷ ՍԷՅԻՏ ՆԱՍՐԱԼԼԱՅԻՆ

July 30, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Մաարապի մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պատասխանեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կատարած վերջին յայտարարութիւններուն:

Ժահժահ ընդգծեց, որ Լիբանանին պատկանող քարիւղի եւ բնական հարստութեան իմաստով ինք կը զօրակցի կառավարութեան, հակառակ անոր հետ ունեցած իր քաղաքական տարակարծութիւններուն:

Ժահժահ հարց տուաւ սակայն, թէ ո՞վ պաշտօն տուած է սէյիտ Նասրալլային Լիբանանի իրաւունքները պաշտպանելու, «արդեօք մենք հանրապետութեան նախագահ կամ վարչապետ ունի՞նք», հարց տուաւ ան:

Ժահժահ նկատել տուաւ, որ ռազմավարական ըմբռնումով եթէ մօտենանք հարցին, ապա պիտի տեսնենք, թէ երբ Հըզպալլան միջամուխ ըլլայ խնդիրի մը մէջ, ապա ամբողջ աշխարհը պիտի չզօրակցի Լիբանանին, որովհետեւ հարցը պիտի նկատուի Իրանի հետ պայքարի հարց:

Ժահժահ իր խօսքը ուղղելով սէյիտ Նասրալլային դիտել տուաւ, որ միշտ լիբանանեան բանակը կ՛ըլլայ  պատասխանողը, եթէ քարիւղի հանքերուն դէմ ոտնձգութիւններ գործուին:

Ան խստիւ դատապարտեց Հըզպալլայի կողմէ Լիբանանի վերաբերող ռազմավարական որոշումներուն սեփականացումը, ինչպէս նաեւ սէյիտ Նասրալլայի կողմէ երկրին իշխանութիւնները շահագործելու մօտեցումը: «Պէտք է վերջ տալ լիբանանեան բանակին թերագնահատումին», ըսաւ Ժահժահ:

 

Նախորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

Յաջորդը

ՖՐԵՆԺԻԷ ԱՅՑԵԼԵՑ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.