Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Քրաքովի Մէջ Տեսակցեցան Մամետեարովի Հետ

Յունուար 28, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Իվիցա Տաչիչ
Իվիցա Տաչիչ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները  Լեհաստանի Քրաքով քաղաքին մէջ երէկ տեսակցած են Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ: Տեսակցութեան շուրջ, որուն նաեւ ներկայ եղած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք, համաձայնութիւնը գոյացած էր քանի մը օր առաջ Մինսքի խմբակի ֆրանսացի համանախագահ Փիեռ Անտրիոյի եւ Մամետեարովի հանդիպման ընթացքին:

Ըստ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան, կողմերը միտքեր փոխանակած են ղարաբաղեան տագնապի լուծման շուրջ եւ Մինսքի խմբակի աշխատանքներուն վերաբերեալ:

ԱՓԱ լրատու գործակալութեան համաձայն, Մամետեարով անգամ մը եւս ընդգծելով Ազրպէյճանի դիրքորոշումը տագնապի լուծման վերաբերեալ, նշած է, որ «նախ եւ առաջ Հայաստան պէտք է դուրս բերէ զինեալ ուժերը Ազրպէյճանի բռնագրաւուած տարածքներէն»:

Հանդիպման ընթացքին Մամետեարով  նաեւ արծարծած է Տիլհամ Ասքերովը եւ Շահպազ Կուլիեւը ազատ արձակելու հարցը:

ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը Կողմերուն
«
Պատասխանատուութեան» Կոչ Ուղղեց

ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Սերպիոյ  արտաքին գործոց նախարար Իվիցա Տաչիչ իր մտահոգութիւնը յայտնած է հայ-ազրպէյճանական սահմանին տեղի ունեցող վերջին իրադարձութիւններուն առնչութեամբ:

«Ես կոչ կ՛ուղղեմ կողմերուն ապահովելու  զինադադարը եւ զինուորական գործողութիւնները  կասեցնելու, 1994 թուականի մայիսին ստորագրուած համաձայնագիրին հիմամբ: Ես կը դատապարտեմ աւելցող բռնութիւնները, որոնց հետեւանքը մարդկային կեանքերու կորուստն է: Կոչ կ՛ուղղեմ կողմերուն պատասխանատուութիւն ցուցաբերելու եւ խուսափելու այնպիսի քայլերէ, որոնք կը յանգեցնեն լարուածութեան հետագայ աճին», յայտարարած  է Տաչիչ:

«Ուղղակի հանդիպումները ոչ միայն նախագահներուն միջեւ, բայց նաեւ այլ մակարդակներու վրայ, էական կը մնան այս հոլովոյթին համար եւ պէտք է ամրապնդուին զինադադարի եւ զինուորական գործողութիւններու կասեցումով: 2014 թուականի ընթացքին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հանդիպումները Սոչիի, Նիւփորթի եւ Փարիզի մէջ դրական քայլեր էին  ճիշդ ուղղութեամբ: ԵԱՀԿ կը շարունակէ կազմակերպել ուղղակի հանդիպումները, բայց միայն կողմերն են, որ կրնան եւ պէտք է պահպանեն զինադադարը», նշած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահը:

 

Նախորդը

Գալուստ Սահակեան Պարգեւատրած Է Մանուէլ Գրիգորեանը

Յաջորդը

Ֆրանսան Հայ Ժողովուրդի, Հայ Դատի Եւ Հայաստանի Կողքին Է

RelatedPosts

Միրզոյեան. «Խաղաղութեան Պայմանագիրի  Բազմաթիւ Հարցերու Շուրջ Ոչ Իտէալական,  Բայց Փոխընդունելի Ձեւակերպումներ  Կարելի Եղած Է Գտնել»
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեան. «Խաղաղութեան Պայմանագիրի Բազմաթիւ Հարցերու Շուրջ Ոչ Իտէալական, Բայց Փոխընդունելի Ձեւակերպումներ Կարելի Եղած Է Գտնել»

Մարտ 25, 2023
Ներկայացուցիչներու Տան 69 Անդամներ  Կոչ Ուղղած Են Դադրեցնելու Ազրպէյճանին  Զինուորական Օգնութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան 69 Անդամներ Կոչ Ուղղած Են Դադրեցնելու Ազրպէյճանին Զինուորական Օգնութիւնը

Մարտ 25, 2023
Լուիս Պատասխանած Է Արցախի Մէջ Խաղաղապահ  Գործողութիւններուն Ուաշինկթընի  Մասնակցութեան Հեռանկարներուն Մասին Հարցումին
Գլխաւոր լուրեր

Լուիս Պատասխանած Է Արցախի Մէջ Խաղաղապահ Գործողութիւններուն Ուաշինկթընի Մասնակցութեան Հեռանկարներուն Մասին Հարցումին

Մարտ 25, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In