Խորհրդարանի նախագահ Գալուստ Սահակեան Բանակի օրուան առիթով Ազգային ժողովի պատուոյ մետալով երէկ պարգեւատրած է պատգամաւոր, զօրավար Մանուէլ Գրիգորեանը:
Ըստ Ազգային ժողովի տեղեկատուութեան ծառայութեան, Սահակեան բարձր գնահատելով Գրիգորեանի դերը բանակաշինութեան գործին մէջ, անոր մաղթած է առողջութիւն, երկրապահներ դաստիարակելու ուժ եւ վճռականութիւն: