Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսան Հայ Ժողովուրդի, Հայ Դատի Եւ Հայաստանի Կողքին Է

Յունուար 28, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Fotor0126150611Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտը պիտի գլխաւորէ Փարիզի մէջ 28 յունուարին տեղի ունենալիք ֆրանսայի Հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի տարեկան ընթրիքը, որուն ընթացքին պաշտօնապէս պիտի տրուի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած 2015-ի նախաձեռնութիւններու ծրագիրին սկիզբը:

«Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին այս մասին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի Հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի նախագահ Մուրատ Փափազեան: Ճաշկերոյթին պիտի մասնակցի Ֆրանսայի քաղաքական վերնախաւը` նախարարներ, խորհրդարանականներ, Փարիզի քաղաքապետը, նախագահի խորհրդականները եւ գրասենեակի աշխատակիցները, ինչպէս նաեւ  ֆրանսացի մտաւորականներ, լրագրողներ եւ փաստաբաններ:

«Այսօր գիտենք, որ ներկայ պիտի գտնուին ներքին գործոց նախարար Պեռնար Քազնով եւ Եւրոպայի հարցերով պետական նախարար Առլեմ Տեզիր», ըսաւ Փափազեան` աւելցնելով. «Անշուշտ, պիտի քննարկուի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի, Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման, ֆրանսահայութեան, Հայաստան-Ֆրանսա յարաբերութիւններուն առնչուող հարցերը, ինչպէս նաեւ նախագահ Հոլլանտի այցելութիւնը Երեւան 24 ապրիլ 2015-ին»:

«Ասիկա լուրջ զօրակցութեան նշան է: Այդ կը նշանակէ, որ Ֆրանսա հայ ժողովուրդի, Հայ դատի եւ Հայաստանի կողքին է», ըսաւ Փափազեան: Ան չբացառեց, որ, կարելի է, ապրիլ 24-ին առանձին պատուիրակութիւն ուղարկուի Թուրքիա, սակայն հաստատեց, որ «բարձրագոյն մակարդակի պատուիրակութիւնը, նախագահին գլխաւորութեամբ, այդ օրը պիտի գտնուի Հայաստանի մէջ»:

«Ֆրանսացիները եւ բոլոր պետութիւնները շատ լաւ գիտեն Թուրքիոյ խաղերը: Ֆրանսայի յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ պետական եւ  առեւտրական յարաբերութիւններէ անդին չեն անցնիր: Ֆրանսայի մէջ թրքական կառավարութեան նկատմամբ համակրանք չկայ», ընդգծեց Փափազեան:

 

Նախորդը

Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Քրաքովի Մէջ Տեսակցեցան Մամետեարովի Հետ

Յաջորդը

Հանդիպում Կիպրոսի Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչին Հետ

RelatedPosts

Սուրիոյ Մէջ Հայաստանի Նոր Դեսպանը Իր Հաւատարմագիրները Յանձնեց Շիպանիին
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիոյ Մէջ Հայաստանի Նոր Դեսպանը Իր Հաւատարմագիրները Յանձնեց Շիպանիին

Հոկտեմբեր 13, 2025
Պաքուի Դատարանին Մէջ «Հայաստանի Կողմէ Վարձկաններ Ներգրաւելու Փաստաթուղթեր» Հրապարակուած Են
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Դատարանին Մէջ «Հայաստանի Կողմէ Վարձկաններ Ներգրաւելու Փաստաթուղթեր» Հրապարակուած Են

Հոկտեմբեր 10, 2025
Օքամփօ. «ՄԱԿ-ի Աշխատանքային Խումբը  Պէտք Է Անվաւեր Ճանչնայ Ռուբէն Վարդանեանի Վերաբերեալ Իր Կարծիքը` Նախագահողի Ազրպէյճանի Հետ Ունեցած Կապերուն Պատճառով»
Գլխաւոր լուրեր

Օքամփօ. «ՄԱԿ-ի Աշխատանքային Խումբը Պէտք Է Անվաւեր Ճանչնայ Ռուբէն Վարդանեանի Վերաբերեալ Իր Կարծիքը` Նախագահողի Ազրպէյճանի Հետ Ունեցած Կապերուն Պատճառով»

Հոկտեմբեր 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?