
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Էհուտ Պարաք Ուաշինկթընի մէջ ամերիկացի պաշտօնատարներու հետ ունեցած իր հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ ինք պատրաստ է «մէկ տարի առաջ թրքական «Մաւի Մարմարա» նաւու գրաւման գործողութեան ընթացքին պատահած կարգ մը խնդիրներուն վերաբերեալ Իսրայէլի կողմէ Թուրքիայէն ներում հայցելու կարելիութիւնը քննարկելու»:
Ան վստահեցուց, որ Իսրայէլ ո՛չ Կազան ծովային շրջափակման ենթարկելուն համար ներում պիտի հայցէ, ո՛չ ալ այդ շրջափակումը պահպանելու համար ուժ կիրարկելուն համար:
«Թուրքիա իսրայէլեան ռազմավարութեան տեսանկիւնէն շատ կարեւոր երկիր մը կը նկատուի եւ շրջանին մէջ մեծ դերակատարութիւն ունի, ուստի պէտք է ընտրենք երկու կարելիութեանց միջեւ` կա՛մ Անգարայի հետ փոխհասկացողութեան հասնինք, կա՛մ ալ իսրայէլեան բանակէն սպաներու եւ զինուորներու դէմ միջազգային դատական հարց կը դիմակայենք»:


