Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օհանեան. «Լարուածութիւնը Չի Կրնար Վերաճիլ Լայնածաւալ Զինուորական Գործողութիւններու»

January 23, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

12215_OhanianՀայ-ազրպէյճանական սահմանը նախանցեալ գիշեր դարձեալ լարուած եղած է:

«Հակառակորդը կրակոցներու տակ պահած է սահմանը, ինչպէս նաեւ նախաձեռնած է ներթափանցման փորձի, որուն հայկական կողմը պատասխանած է եւ ետ մղած հետախուզական  յարձակումը: Հայկական կողմը կորուստներ չունի»,  հաղորդած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

«Տակաւին նախորդ տարեվերջէն սահմանին վրայ տիրող լարուածութիւնը պահպանման միտում ունի», «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին երէկ ըսած է պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան` շարունակելով.  «Իրավիճակը հայկական զինեալ ուժերուն կողմէ ե՛ւ հայաստանեան հատուածին մէջ, ե՛ւ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակին կողմէ վերահսկելի է: Հակառակորդի բոլոր գործողութիւններուն արժանի հակահարուած կը տրուի, եւ այնուհետեւ  համապատասխան վերլուծումներով արդիւնաւէտ որոշումներ կը տրուին, որպէսզի ա՛լ աւելի կայունացնենք իրավիճակը: Բայց, այսուհանդերձ, կրնամ ըսել, որ որոշ լարուածութիւն կայ»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ որքա՞ն հաւանական է, որ լարուածութիւնը վերաճի լայնածաւալ զինուորական գործողութիւններու, նախարարը արձագանգած է, թէ չի կարծեր, որ ասիկա կրնայ տանիլ լայնածիր գործողութիւններու: Բայց, այսուհանդերձ, ըստ Օհանեանի, ի վերջոյ հակառակորդի զինուորական-քաղաքական ղեկավարութիւնը պէտք է գիտակցի, որ այս տագնապի լուծման զինուորական ճանապարհը իրական ճանապարհը չէ: Ընդհակառակն` պէտք է զինուորական ղեկավարները վստահութեան մթնոլորտ ստեղծեն քաղաքական ղեկավարներու  բանակցային հոլովոյթի շարունակական ապահովման համար:

Տարեսկիզբէն ի վեր ազրպէյճանական զինեալ ուժերու  հետախուզական-ներթափանցման փորձերու պատճառով հայկական կողմը արդէն 9 նահատակ ունի` 8 զինուոր եւ 80-ամեայ հովիւ մը:

Մինչդեռ ազրպէյճանական կողմը իր կորուստներուն  մասին միշտ չի յայտարարեր: «Իրենց կորուստները միշտ ալ շատ եղած են: Անցեալ տարի   մենք անհամաչափ պատասխաններով անոնց աւելի քան վեց անգամ կորուստներ պատճառած ենք, եթէ ընդհանուր տարուան մակարդակով հաշուի առնենք: Այսօր անոնք պարզապէս որդեգրած են այսպէս շատ քաղաքակիրթ եւ ծածուկ կերպով թաքցնել այն բոլոր կորուստները, որոնք իրենք ունին»,  նշած է Սէյրան Օհանեան:

Անդրադառնալով Գիւմրիի մէջ տեղակայուած ռուսական 102-րդ խարիսխը 2016 թուականէն  պայմանագրային զինուորներով համալրելու մասին «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութեան տեղեկութիւններուն, Սէյրան Օհանեան ըսած է, որ ատիկա անհրաժեշտութիւն է: «Ըստ ինծի, ընդհանուր առմամբ արհեստավարժ տարրի ընդարձակումը ներկայ պայմաններուն մէջ, երբ ժամանակակից բանակները լայն թափով կ՛երթան  դէպի արհեստավարժ բանակ ստեղծելու իրավիճակին, անհրաժեշտութիւն է», եզրափակեց Օհանեան:

 

 

Նախորդը

Մերքել. «Գերմանիա Կը Ձգտի Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրի Լուծման Հարցով Միջնորդ Դառնալ»

Յաջորդը

«Տաւութօղլուի Եւ Էրտողանի Յայտարարութիւնները Ոչ Թէ Մարտավարութիւն Են, Այլ` Խղճով Թելադրուած Կեցուածքի Դրսեւորում» Կ՛ըսէ Պիլկիչ

RelatedPosts

«Հայփոստ»-ը Կը Մերժէ Պաքուի Մէջ  Պահուող Հայերուն Նամակներ Փոխանցել
Հայկական

«Հայփոստ»-ը Կը Մերժէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայերուն Նամակներ Փոխանցել

October 19, 2026
ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Յայտարարեց,  Որ Հայ Գերիներու Հարցը Իրենց Համար  Մեծ Կարեւորութիւն Ունի
Գլխաւոր լուրեր

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Յայտարարեց, Որ Հայ Գերիներու Հարցը Իրենց Համար Մեծ Կարեւորութիւն Ունի

October 17, 2026
ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը Հայաստանէն  Յայտարարեց` Մարդասիրական Հարցերու Մէջ  Մարտահրաւէրները Կը Յամենան
Հայկական

ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը Հայաստանէն Յայտարարեց` Մարդասիրական Հարցերու Մէջ Մարտահրաւէրները Կը Յամենան

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.