Գիւմրիի մէջ տեղակայուած ռուսական 102-րդ խարիսխի անձնակազմը 2016 թուականի գարունէն սկսեալ պիտի համալրուի բացառապէս պայմանագրային զինուորներով, կը յայտնէ «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը:
Ըստ «Ինթըրֆաքս»-ի Ռուսիոյ զինեալ ուժերու հրամանատարութեան աղբիւրին, այդ որոշումը տրուած էր տակաւին անցեալ տարի եւ կապ չունի Գիւմրիի մէջ իրականացուած դաժան սպանութեան հետ: