Ս. Ծննդեան տօնին առիթով Ս. պատարագ մատուցուեցաւ երեքշաբթի, 6 յունուարին, Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ: Օրուան պատարագին հանդիսապետեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններէն Պետրոս աբղյ. Մանուէլեան: Ան այս առիթով իր փոխանցած պատգամին մէջ անդրադարձաւ Ս. Ծննդեան տօնին իմաստին ու կարեւորութեան` հայ եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին մօտ: Ապա կատարուեցաւ ջրօրհնէքի արարողութիւնը եւ իւրաքանչիւր հաւատացեալ իրեն հետ տարաւ օրհնուած գաւաթ մը ջուր: Ապա եկեղեցւոյ կից գտնուող դահլիճին մէջ ծխատէր քահանաները, թաղականութիւնն ու բարեկամներ հիւրասիրուեցան համանուն տիկնանց յանձնախումբին կողմէ:
Նոյն առիթով եւ հովանաւորութեամբ եկեղեցւոյ թաղականութեան, տիկնանց յանձնախումբը կազմակերպեց մանուկներու յատուկ հաւաք` «Կարօ Գոնիալեան» սրահին մէջ: Այս առիթով «Ուրախ տարեդարձ» խումբը յատուկ երգերով ու խաղերով խանդավառեց մթնոլորտը: 2007-էն ի վեր Թալին եւ Արազ Լատոյեան քոյրերուն նախաձեռնած հայկական այս առաջին խումբը իր խամաճիկներով, մանկական յատուկ երգերով ու խաղերով կը ջանայ հայեցի մթնոլորտի մէջ ուրախացնել հայ փոքրիկները: 12 երկսեռ համալսարանականներէ բաղկացող այս խումբը` գործակցաբար Մարալ Լատոյեանի, ազգապահպանման խիստ քաջալերելի քայլի մը նախաձեռնած է: Թալին Լատոյեան ներկայիս այս նախաձեռնութիւնը կը շարունակէ գործադրել Քանատայի հայ գաղութին մէջ: «Ուրախ տարեդարձ» խումբը ամէն տարի կ՛ընտրէ իր թեման: Անցեալ տարի ընտրած էր «Արցախ»-ը եւ «ընկերասիրութիւնը»: Իսկ այս տարի` Մուշեղ Իշխանի «Նամակ Կաղանդ պապային» քերթուածն ու անոր խորհուրդը: Աւարտին «Ուրախ տարեդարձ»-ի Կաղանդ պապուկը փոքրիկներուն նուիրեց տիկնանց յանձնախումբին պատրաստած նուէրները, որոնք սիրայօժար կերպով տրամադրուած էին Պուրճ Համուտի «Քէօշկերեան» համագործակցականի տիրոջ` Ուիլսըն Քէօշկերեանի եւ Անթիլիասի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Հայկ Ոսկերիչեանի կողմէ: