Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՖԻՆԻՒԼ-Ի ԴԷՄ ԳՈՐԾՈՒԱԾ ՊԱՅԹՈՒՄԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒՄՆԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ

July 28, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախարար Խալիլ կ՛այցելէ ՖԻՆԻՒԼ-ի վիրաւոր զինուորներուն

Հարաւային Սայտայի Սայնիք շրջանը, ուր նախանցեալ օր պայթումի թիրախ դարձած էր ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն ֆրանսական շրջուն ջոկատը, երէկ մնաց շրջափակուած լիբանանեան բանակին կողմէ:

ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու պատասխանատուներ հաստատեցին, որ իրենք չեն կարծեր, թէ այդ պայթումը կրնայ պատճառ դառնալ միջազգային խաղաղապահ ուժերուն նուազումին:

Միւս կողմէ, ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրեցին, ինչպէս նաեւ աւելցուցին սահմանային հսկողութեան շրջուն ջոկատներուն թիւը:

Պայթումէն վիրաւորուած ֆրանսացի զինուորները երէկ փոխադրուեցան Փարիզ:

Նշենք, որ առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլ այցելեց վիրաւոր զինուորներուն եւ ներկայ գտնուեցաւ զանոնք հիւանդանոցէն ճամբելու արարողութեան:

ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու պաշտօնական բանբեր Նիրաժ Սինկ շեշտեց, որ միջազգային խաղաղապահ ուժերը ամէն ջանք ի գործ կը դնեն` կանխարգիլելու համար նման արարքներ, ինչպէս նաեւ ոչ մէկ ճիգ կը խնայեն ապահովական կայունութիւնը հաստատելու առումով:

Սինկ ընդգծեց նաեւ, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը կը գործակցին նաեւ լիբանանեան բանակին հետ, որ պատասխանատու է երկրին օրէնքներն ու կանոնները գործադրելու:

Միւս կողմէ, Սայտայի կառավարական սերային մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը` ՖԻՆԻՒԼ-ի եւ բանակի սպաներուն միջեւ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան պայթումին մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ հետաքննութեան նախնական արդիւնքները:

Պայթումին բարձրացուցած հակազդեցութեան ալիքին շրջագիծին մէջ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէ կոչ ուղղեց Լիբանանի կառավարութեան ամէն ջանք ի գործ դնելու` բացայայտելու համար պայթումին դրդապատճառները եւ հալածելու համար այդ պայթումին պատասխանատու յանցագործներն ու դատավարութեան ենթարկելու զանոնք:

Իրենց կարգին, Միացեալ Նահանգներ դատապարտեցին պայթումը, իսկ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հայտի Պրոնկվոլթըն Լիբանանի կառավարութենէն պահանջեց ամբողջական հետաքննութիւն մը կատարել այդ հարցին առնչութեամբ եւ երաշխաւորել յանցագործներուն յանձնումը` Արդարութեան պալատին:

Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին հարցերու պետ Քեթրին Էշթըն խստիւ դատապարտեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն դէմ գործուած պայթումը եւ ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է անպայման պատժել յանցագործները:

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի շեշտեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի դէմ գործուած պայթումը կը խախտէ Լիբանանի կայունութիւնը:

Հըզպալլա իր կարգին դատապարտեց ՖԻՆԻՒԼ-ի դէմ գործուած պայթումը` ընդգծելով, որ պէտք է այդ մասին հետաքննութիւն բանալ եւ պատժել ոճրագործները:

Նախորդը

ՊԸՐՐԻ ՄԵՐԺԵՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՆԻՍՏԻՆ ՏԱԼ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀՈՎԱՆԻԻ ԲՆՈՅԹ

Յաջորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԿԸ ԴԻՄԱՒՈՐԷ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵԱՆԻ ՏԻՏՂՈՍԻՆ ՏԻՐԱՑԱԾ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՃԱՏՐԱԿԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.