Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տաճիկիստանն Ու Ուզպեքիստանը 2015-Ին Արդէն Կրնան Մաս Կազմել Եւրասիական Տնտեսական Միութեան

December 31, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ալմազպեք Աթամպայեւ
Ալմազպեք Աթամպայեւ

Gazeta.ru կայքը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ ծերակոյտի միջազգային հարցերով յանձնախումբի անդամ Իկոր Մորոզով յայտնած է, որ Տաճիկիստանը 2015-ին արդէն կրնայ մաս կազմել Եւրասիական տնտեսական միութեան:

«Տաճիկիստանը մեր աշխուժ գործընկերն է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան ծիրին մէջ, ան կ՛աշխատի ազատ առեւտուրի գօտիի շրջանակին մէջ ամբողջական ծաւալով: Եւ ես կը կարծեմ, որ առարկայականօրէն ան արդէն պէտք է մօտենայ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցելու որոշումին», ըսած է Մորոզով:

Ըստ անոր, 2015-ին Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ կրնայ դառնալ նաեւ Ուզպեքիստան:

Մորոզով ընդգծած է, որ միասնական տնտեսական տարածքը, որ կը ստեղծուի Եւրասիական տնտեսական միութեան ծիրին մէջ, գրաւիչ դարձած է այլ պետութիւններու համար, որոնք չունին Ռուսիոյ հետ հասարակաց սահման:

Ան նաեւ ընդգծած է, որ Եւրասիական տնտեսական միութիւնը ռուսական տնտեսութիւնը աւելի բարձր մակարդակի կը հասցնէ:

Աթամպայեւ. «Խըրխըզիստան Շատ Լաւ Պայմաններով
Մուտք Կը Գործէ Եւրասիական Տնտեսական Միութիւն»

«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Խըրխըզիստանի նախագահ Ալմազպեք Աթամպայեւ յայտարարած է, որ իր երկիրը «շատ լաւ պայմաններով» մուտք կը գործէ Եւրասիական տնտեսական միութիւն:

«Մենք 23 դեկտեմբերին ստորագրած ենք Եւրասիական տնտեսական միութեան միանալու համաձայնագիրը: Մենք մինչեւ վերջին պահը չէինք գիտեր` մեզ պիտի ընդունի՞ն, թէ՞ ոչ, որովհետեւ երկիրներէն մէկը կտրուկ կերպով դէմ էր», նշած է երկրին ղեկավարը:

Ըստ անոր, սահմաններու բարեկարգման, մաքսային անցակէտերու եւ ապրանքներու վաւերագրման համար ժամանակակից տարրալուծարաններու ստեղծման նպատակով կը յատկացուի 300 միլիոն տոլար, որմէ 200 միլիոնը պիտի տրամադրէ Ռուսիան, իսկ 100 միլիոնը` Ղազախստանը:

«Այդ գումարներու ծախսումը պիտի վերահսկուի մեր եւ ռուսական կողմէն: Բացի ատկէ, պիտի ստեղծուի խըրխըզ-ռուսական զարգացման հիմնադրամ` 1 միլիառ տոլար դրամագլուխով», յայտնած է նախագահը:

Ունենալով այսպիսի միջոցներ` կառավարութիւնը պէտք է ստեղծէ աշխատատեղեր եւ աշխատի տնտեսութեան զարգացման ուղղութեամբ:

Աթամպայեւ նշած է, որ Խըրխըզիստան «յաջողած է լաւ արտօնութիւններ ստանալ»: «Մաքսատուրքերու ընդհանուր բաժանման պարագային Պիելոռուսիան ունի 4 առ հարիւր, Հայաստանը` 1,13 առ հարիւր: Մենք յաջողած ենք ստանալ` 1,19 առ հարիւր», ըսած է նախագահը:

 

Նախորդը

Դեսպան Քոչարեան Փոխանցած Է Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի Շնորհաւորանքներն Ու Նուիրատուութիւնը Լիբանանահայ Հաստատութիւններուն

Յաջորդը

Մահափորձի Ենթարկելէ 33 Տարի Ետք. Աղճա Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի Շիրիմին Վրայ Վարդեր Կը Դնէ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
Թրամփ-Շի Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ-Շի Հանդիպում

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.