Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստան Կը Վերսկսի Բանակցութիւններուն` Եւրոպական Միութեան Հետ

December 25, 2014
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

1224_Karekine MelkonianՀայաստանի տնտեսութեան նախարարի  առաջին տեղակալ Գարեգին Մելքոնեան «Արմէնփրես» լրատու գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ ըսած է, որ Հայաստան պիտի վերսկսի  բանակցութիւններուն` Եւրոպական Միութեան հետ, ստորագրելու համար նոր համաձայնագիր մը, որուն մէջ առաւելագոյնս պիտի պահպանուին  ընկերակցման համաձայնագիրի բանակցուած բոլոր այն չափանիշները, զորս կարելի է իրականացնել, եւ որոնք չեն  հակասեր Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի անդամակցութեան:

Մելքոնեան աւելցուցած է, որ արդէն իսկ որոշուած են այն հիմնական ուղղութիւնները, որոնցմով Հայաստան կը խորացնէ կապերը Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններու հետ:

«Եւրասիական տնտեսական միութեան հետ համագործակցութեան մարզերը պարզելէ ետք  Հայաստանի համար կարելի եղաւ նաեւ Եւրոպական Միութեան հետ կապերը բնականոնացնել, ինչ որ պիտի առաջնորդէր  Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան նոր իրաւական ձեւաչափի ստեղծման», ըսած է Մելքոնեան եւ մանրամասնած նոր համաձայնագիրին մէջ ներառուելիք համագործակցութեան հիմնական մարզերն ու ուղղութիւնները: «Նոր համաձայնագիրին շուրջ աշխատանքները կը տարուին հիմնականին մէջ առեւտրական  յարաբերութիւններու, մրցակցութեան պաշտպանութեան, մտաւոր սեփականութեան իրաւունքի, ճարտարագիտական կանոնակարգերու եւ սնունդի անվտանգութեան վերաբերեալ: Ատոր զուգահեռ արտաքին գործոց  նախարարութիւնը նաեւ կը քննարկէ  համաձայնագիրին քաղաքական մասը: Եթէ  աշխատանքները արդիւնաւէտ ընթանան, Հայաստան մօտիկ ապագային կը ստորագրէ Եւրոպական Միութեան հետ նոր համաձայնագիրը», յայտնած է Մելքոնեան:

Փոխնախարարը ըսած է. «Պատրաստուող համաձայնագիրին մէջ ընդգրկուած մարզերը, ըստ էութեան, առնուած են խոր եւ համապարփակ ազատ առեւտուրի մասին համաձայնագիրէն, ուր ներառուած էին 28-29 մարզեր: Ատոնք կ՛ընդգրկեն համագործակցութեան կարելի ձեւեր` ուժանիւթի, հանքագործութեան, մարդկային իրաւունքներու, կրթութեան եւ այլ մարզեր: Ներկայիս ուշադիր քննութեան կ՛ենթարկուին բոլոր այն կէտերը, որոնք Եւրոպական Միութեան հետ պատրաստուող նոր ծրարին պիտի ներառուին, որպէսզի ատոնք չհակասեն այն պարտաւորութիւններուն, զորս Հայաստան կը ստանձնէ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցելով»:

 

Նախորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

Յաջորդը

Թուրքիոյ Սարըքայա Գաւառի Հայկական Գերեզմանատունը Մնացած Է Թուրքերու Խնամքին

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.