«Մայատին» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը յայտարարած է, որ սուրիական կողմերուն միջեւ երկխօսութիւնը պիտի կատարուի յառաջիկայ ամսուան վերջաւորութեան` Մոսկուայի մէջ: Աղբիւրը աւելցուցած է, որ չորս օր տեւող հանդիպումին պիտի մասնակցին սուրիական կառավարութեան եւ ընդդիմադիր բազմաթիւ ուժերու ներկայացուցիչներ:
Մոսկուա կը ձգտի սուրիացիներուն միջեւ առանց նախապայմաններու ուղղակի երկխօսութեան մը ձեռնարկել:


