Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԸ ԿԱՏԱՐԷ` ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ՎԵՐՍԿՍԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

July 27, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ժեմայէլ եւ նախագահ Սլէյման

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ազգային երկխօսութիւնը վերսկսելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ այն միջոցները, որոնց որդեգրումով կարելի կ՛ըլլայ յաջողցնել նման քայլ մը:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուին, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ հաղորդակցութեան մարզը բարելաւելու եւ արդիականացնելու շարք մը ծրագիրներ:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց ընդհանուր անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմ, որ նախագահին ներկայացուց քաղաքացիական անվտանգութիւնը պաշտպանելու իր ծրագիրը:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր, նախկին նախարար Ֆուատ Պութրոս, Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկի (Տաման) ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Քարաքի, ինչպէս նաեւ աւետարանական համայնքի մէկ պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ վեր. Սելիմ Սահիունիի:

Նշենք, որ «Ախպար եաում» լրատու գործակալութեան համաձայն, նախագահ Սլէյման կը միտի յառաջիկայ օրերուն շարունակել իր հանդիպումներն ու խորհրդակցութիւնները` յանգելու համար Ազգային երկխօսութեան նիստի գումարման:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյմանի մօտիկ աղբիւրներ «Մուսթաքպալ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ նախագահ Սլէյման քաղաքական տարբեր ուժերու հետ իր խորհրդակցութիւններուն սկսած է` լիբանանեան ազգային երկխօսութեան վերսկսելու նպատակով:

Նոյն աղբիւրները նկատել տուին սակայն, որ տակաւին յստակօրէն չեն որոշուած այն կէտերը, որոնք երկխօսութեան ընթացքին պիտի քննարկուին:

 

Նախորդը

«ԶՕՐ. ՌԻՖԻԻ ԳՈՐԾԱԾ ՕՐԻՆԱԶԱՆՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԽՈՑԵԼԻ ԴԱՐՁՈՒՑԱԾ ԵՆ ԱՆՈՐ ԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆԸ» ԸՆԴԳԾԵՑ ԶՕՐ. ԱՈՒՆ

Յաջորդը

«ԼԻԲԱՆԱՆ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻ ԻՐ ԲՈԼՈՐ ՀԱՐՑԵՐԸ ՀԻՄՆՈՎԻՆ ԼՈՒԾԵԼՈՒ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՌԻԹԻ ՄԸ ԴԻՄԱՑ» ԸՆԴԳԾԵՑ ՍԷՅԻՏ ՆԱՍՐԱԼԼԱ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.