Ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ սուրիական դէպքերու պատճառով Լիբանանի կրած նիւթական վնասները հասած են 20 միլիառ տոլարի: Այսօր` երկուշաբթի, «Լիուա» թերթին մէջ լոյս տեսնող իր յայտարարութեամբ նախարար Տըրպաս ողջունեց սուրիացի գաղթականներու հոսքը կասեցնելու գծով պետութեան որոշումը, ինչ որ հարիւր հազարով պակսեցուց անոնց թիւը Լիբանանի մէջ:


