Իրականութիւնը եւ ոչ թէ նիւթական դրամագլուխը պէտք է ըլլայ տեղեկատուութեան երեսը» յայտարարեց Փոփոխութիւն եւ Բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Մոնթեվերտիի մէջ բացումը կատարելով «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի նոր սթիւտիոներուն:
Աուն յայտնեց, որ լուրերը կարելի չէ խեղաթիւրել եւ «Օ. Թի. Վի.» ոչ ոքի պարտք ունի եւ անիկա կը ֆինանսաւորուի 12 հազար բաժանորդներու ներդրումով:


