Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՂԱՐԱԲԱՂԸ ԱԶԱՏԱԳՐԵՑԻՆՔ, ԱՐԱՐԱՏԸ ԱԶԱՏԱԳՐԵԼԸ ՁԵԶԻ ԿԸ ՁԳԵՆՔ»

July 27, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը` անդրադառնալով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի օրեր առաջ Ծաղկաձորի մէջ հայագիտական նիւթերու համահայկական ողիմպիականի մասնակիցներուն հետ հանդիպումին, «Ղարաբաղը վերցուցինք, Արարատը ձեզի ձգեցինք» խորագիրով յօդուածին մէջ կը գրէ, որ նախագահ Սարգսեան երիտասարդ սերունդներուն վստահած է «հայերու կողմէ իբրեւ Արեւմտեան Հայաստան անուանուած Աղրը Տաղըի (Արարատի) շրջանը ետ վերցնելու պարտականութիւնը»:

Պատասխանելով մասնակիցներէն մէկուն այն հարցումին, թէ «®մեզի կը սպասէ՞ այնպիսի ապագայ, որ պիտի յիշեցնէ Պաթումի համաձայնագիրը, որուն ժամանակ գերմանացի դիւանագէտի մը վկայութեամբ` մեզի Սեւանի մէջ լողալու տեղ ձգեցին, սակայն չորնալու տեղ չձգեցին, թէ՞ ապագայ, որ մեզի պիտի վերադարձնէ Արեւմտեան Հայաստանը, ներառեալ` Արարատը», նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտարարած է. «Այդ ամբողջը կախեալ է քեզմէ եւ քու սերունդէդ: Սերունդս, կը կարծեմ, իր առջեւ դրուած պարտականութիւնը կատարեց, երբ 90-ական թուականներուն սկիզբները անհրաժեշտ էր մեր հայրենիքի հատուածներէն մէկը` Ղարաբաղը պաշտպանել թշնամիներէն. մենք կրցանք ատիկա ընել: Եւ ես ասիկա կ՛ըսեմ ոչ ատոր համար, որ ոեւէ մէկը յանդիմանեմ: Կ՛ուզեմ ըսել, որ իւրաքանչիւր սերունդ իր պարտականութիւնը ունի, եւ այդ պարտականութիւնը պէտք է կարենայ կատարել ու լաւ կատարել: Եթէ դուն եւ քու հասակակիցներդ ջանք ու եռանդ չխնայէք, եթէ ձեզմէ աւագներն ու ձեզմէ կրտսերները ձեզի նման վարուին` մենք պիտի ունենանք աշխարհի լաւագոյն երկիրներէն մէկը: Հաւատա, որ շատ պարագաներու երկրի մը կշիռը հողի չափերով չ՛որոշուիր, երկիրը պէտք է ըլլայ ժամանակակից, երկիրը պէտք է ըլլայ անվտանգ, ըլլայ բարեկեցիկ, եւ ասոնք այն պայմաններն են, որոնք որեւէ ժողովուրդի կարելիութիւն կու տան կանգնելու աշխարհի յայտնի, ուժեղ, ճանչցուած ժողովուրդներուն կողքին: Բոլորս մեր պարտքը պէտք է կատարենք, բոլորս պէտք է ըլլանք աշխուժ, պէտք է ըլլանք աշխատասէր, կարենանք բարիք ստեղծել: Իսկ մենք ատոր կրնանք հասնիլ, շատ հանգիստ կրնանք հասնիլ, եւ մէկ անգամ չէ, որ պատմութեան ընթացքին ատոր հասած ենք: Ես ատոր չեմ կասկածիր եւ կ՛ուզեմ, որ դուն ալ չկասկածիս: Մենք ժողովուրդ մըն ենք, որ, այո՛, փիւնիկի պէս միշտ յարութիւն կ՛առնենք»:

 

Նախորդը

ՕՊԱՄԱ ԵՒ ՔՈՆԿՐԵՍԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԵԼՈՅԹՈՎ ԴԻՄԱԾ ԵՆ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ

Յաջորդը

ՀՅԴ ԿԸ ԶՕՐԱԿՑԻ ՖՐԱՆՍՈՒԱ ՀՈԼԼԱՆՏԻ ՆԱԽՆԱԿԱՆ ԹԵԿՆԱԾՈՒԹԵԱՆ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.