Աւելի քան երեք տասնամեակներէ ի վեր անյայտ կորսուած լիբանանցիներու ծնողներ երէկ յատուկ հաւաք մը կազմակերպեցին եւ Միջազգային կարմիր խաչին ու պատկան կողմերուն յանձնեցին անցնող սեպտեմբերին իրենց յղուած պետական տեղեկագիրը` կորսուածներու հարցին գծով: Այս առիթով ՍՈԼԻՏ-ի նախագահ Ղազի Աատ անհրաժեշտ նկատեց «Տի. Էն.Է.»-ի գծով տեղեկութիւններու շտեմարանի մը յառաջացումը:


