Թէեւ անբաղձալի, սակայն երբեմն մերձակայ ժխտական ազդակներ կրնան դրական ու արդիւնաւէտ ըլլալ այլ շրջաններու համար: Այս իմաստով լիբանանցիք յուսալից են, որ հինգ տարիներէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով քարիւղի մէկ տակառին գինը վաթսուն տոլարի սակագինը հասնելով, վառելանիւթի սակերը կրնան զգալի նուազում կրել լիբանանեան շուկաներուն մէջ, յատկապէս որ պատկան պատասխանատուներ հաւանական կը նկատեն, որ թիթեղ մը պենզինին սակագինը տարեվերջի նախօրեակին հասնի 23 հազար լիբանանեան ոսկիի: Փոխադարձաբար, սակայն, լիբանանցիք կ՛ակնկալեն, որ առնչակից մարզերու արտադրութեանց սակագիներն ալ նուազում կրեն` «շունչ մը» քաշել տալով առանց այդ ալ օրապահիկի հայթայթման մտահոգութեան տակ կքած լիբանանցիներուն մեծ մասին:
Նմանապէս լաւատեսութիւն կայ նաեւ զբօսաշրջիկութեան մարզին մէջ, ուր հաւաստի աղբիւրներու համաձայն, տօնական օրերուն պանդոկներու յաճախորդներուն թիւը կրնայ 70-80 առ հարիւր համեմատութեան հասնիլ:


