Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիա Կը Քննադատէ Եւրոպական Միութեան Կեցուածքը. «Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Հարցը Կը Հիմնուի Պրիւքսէլի Արժէքներուն Եւ Սկզբունքներուն Վրայ» Ըսաւ Մոկերինի

December 17, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ֆետերիքա Մոկերինի
Ֆետերիքա Մոկերինի

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութիւնը Թուրքիոյ յիշեցուցած է, որ վերջինիս` Եւրոպական Միութեան հաւանական անդամակցութեան նիւթը «ոչ միայն տնտեսութեան վերաբերող հարց է, այլ նաեւ` արժէքներու եւ սկզբունքներու գնահատման»:

Եւրոպական Միութեան արտաքին հարցերով եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի` մեկնաբանելով Պոլսոյ եւ Թուրքիոյ շարք մը այլ քաղաքներուն մէջ ընդդիմադիր լրագրողներու ձերբակալութիւններու փաստը, յայտնած է. «Թուրքիան պէտք է հաշուի առնէ, որ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու ընթացակարգը ո՛չ միայն տնտեսութեան հարց է, այլ նաեւ` արժէքներու եւ սկզբունքներու»:

Ան խոստացած է «պարզաբանել իրավիճակը»` թրքական կողմին հետ սպասուած հանդիպումներու ընթացքին: Մոկերինի յայտնեց, որ ինք «շատ զարմացած է» Էրտողանի հակազդեցութենէն, մանաւանդ որ այդ կեցուածքը կը յաջորդէ թրքական կառավարութեան հետ «շինիչ» քննարկումներուն: Ներդաշնակ կեցուածքներ ունենալը թրքական շահերէն կը բխի», ըսաւ ան:

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը յայտնէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան քննադատութեան ենթարկած է Եւրոպական Միութիւնը, որ դատապարտած էր կիրակի օր Թուրքիոյ մէջ լրագրողներու ձերբակալութեան դէպքերը:

«Մենք ծունկի պիտի չգանք եւ պիտի չհաշտուինք անոնց հետ, որոնք կեղծ լուրերով կը փորձեն Թուրքիան շեղել իր ուղիէն: Այժմ կարգաւորման հոլովոյթ տեղի կ՛ունենայ, մենք նոր Թուրքիոյ սերմերը կը ցանենք, եւ անոնք, որոնք կ՛ուզեն երկիրը ետ տանիլ, մեզմէ պատասխան պիտի ստանան: Եւրոպական Միութիւնը թող իր գործերով զբաղի եւ միջամտութեան առիթներ չփնտռէ ազգային անվտանգութեան դէմ մեր գործողութիւններուն մէջ», ըսած է Էրտողան:

Ան նաեւ աւելցուցած է, որ ձերբակալուածներուն գործով հետաքննութիւնը կը վարեն անկախ քննիչները` Թուրքիոյ օրէնքներուն համապատասխան:

«Թէ.Ռէ.Թէ. Հապեր» հաղորդեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու իր կարգին յայտնած է, որ Եւրոպական Միութիւնը իրաւունք չունի Թուրքիայէն պահանջելու ազատ արձակել Ֆեթհուլլահ Կիւլենի կողմնակիցները: Ան նշած է, որ Կիւլենի կողմնակիցներու, ներառեալ` լրագրողներու ձերբակալութիւնները քաղաքական բնոյթ չեն կրեր:

«Բոլորը ազատ են մտահոգութիւն յայտնելու լրագրողներու ձերբակալութիւններուն առնչութեամբ: Կրնան նաեւ արդար դատավարութիւն մաղթել կամ կոչ ուղղել, սակայն Թուրքիոյ կառավարութիւնը այսպիսի խիստ քննադատութեան ենթարկելը կամ ըսելը` ազատ արձակեցէ՛ք, ճիշդ չեմ նկատեր», ըսած է ան:

Միւս կողմէ, «Արմէնփրես»` վկայակոչելով «Նեզաւիսիմայա կազեթա» օրաթերթին մէջ հրապարակած յօդուածը, կը նշէ, որ Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ անդրադառնալով Ուքրանիոյ ճգնաժամին Ռուսիոյ վարչապետ  յայտարարած է. «Եւրոպայի ճամբան ընտրելու մասին ժողովուրդին յայտարարած` Քիեւի ներկայիս ղեկավարներուն Եւրոպական Միութիւնը մօտ չի ձգեր մինչեւ իսկ հեռու դրուած աթոռը: Ուքրանիոյ նայելով միտքս Թուրքիան կու գայ: Թուրքիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ գործընկերութեան համաձայնագիրը ստորագրուած է 51 տարի առաջ: Իբրեւ արդիւնք` Թուրքիան տակաւին կը սպասէ Եւրոպական Միութեան դրան շեմին: Կը յիշեմ` ժամանակին Ռուսիոյ նախկին վարչապետ Վիքթոր Չեռնոմիրտինի այդ նիւթով կատակը.«Ուքրանիան ե՞րբ պիտի մտնէ Եւրոպական Միութեան մէջ: Թուրքիայէն ետք: Թուրքիան ե՞րբ պիտի դառնայ Եւրոպական Միութեան անդամ: Երբեք»: Ցաւալի է, որ Չեռնոմիրտինի կատակը շատ լաւ ցոյց կու տայ իրականութիւնը»:

Նախորդը

«Ամերիկայի Ղեկավարած Դաշինքը ՏԱՀԵՇ-ին Ապահով Թաքստոց Մը Ունենալ Պիտի Չարտօնէ» Կ՛ըսէ Օպամա

Յաջորդը

Կաթիլով. «Կը Յուսանք Ամէնէն Մօտ Ժամանակին Միջսուրիական Բանակցութիւններու Նիստեր Գումարել Մոսկուայի Մէջ»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
Թրամփ-Շի Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ-Շի Հանդիպում

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.