Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայ Գիր» Մատենաշարը Լոյս Ընծայեց Յ. Թումանեանի «Քաջ Նազար»-ը` Տիրան Աճեմեանի Երգիծանկարներով

December 17, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

1204kachnazar«Հայ գիր» մանկապատանեկան հրատարակչատունը վերջերս յայտարարած էր, որ այս տարի իր ծննդեան 15-րդ տարեդարձը մեր մանուկ ու պատանի ընթերցողներուն հետ կը տօնէ նոր գրքոյկներու հրատարակութեամբ: Առաջինը` Րաֆֆիի «Խենթը» վէպին արեւմտահայերէնի վերածուած ու պարզեցուած տարբերակը, լոյս տեսաւ քանի մը շաբաթ առաջ: Եւ հիմա արդէն լոյս տեսած է մատենաշարին 15-րդ թիւը` «Քաջ Նազար»-ը, հատոր մը, որ անմահ Յովհաննէս Թումանեանի հետ հայ մանուկին կը ներկայացնէ ուրիշ անմահ մը` երգիծանկարիչ Տիրան Աճեմեանը:

«Քաջ Նազար»-ը հաւանաբար Յ. Թումանեանի ամէնէն տարածուն գործերէն է, անոր հերոսին անունը դարձած է խորհրդանիշ, սակայն աւելի քան 30 տարի առաջ, երբ անիկա Պէյրութի մէջ լոյս տեսաւ մեծատաղանդ երգիծանկարիչ Տիրան Աճեմեանի վրձինէն բխած նկարներու ընկերակցութեամբ, մեր մանկական հրատարակութիւններու աշխարհին մէջ կարեւոր նուաճում մը արձանագրուեցաւ անկասկած: Փաստօրէն, Տիրան Աճեմեանի գիծերով կերտուած տիպարները համազօր արձագանգ էին Ամենայն Հայոց բանաստեղծին զուարթախոհութեան, սրամտութեան ու անջնջելի տիպարներուն, եւ առաջին հերթին` Նազարին: Մեծադիր այդ հատորը ատենին մեծ ընդունելութիւն գտաւ հայ մանուկին եւ անոր ուսուցիչներուն ու ծնողներուն մօտ:

Տարիներ ետք առաջին հրատարակութիւնը դարձաւ անգտանելի, ստացաւ թանկարժէք ու հազուագիւտ գիրքերու շարքին դասուող հանգամանք: Տիրան Աճեմեան եւս մեկնեցաւ այս աշխարհէն ու միացաւ Յովհաննէս Թումանեանի պէս տիտաններու փաղանգին` մեզի ու յաջորդ սերունդներուն ձգելով անջնջելի ու հսկայական վաստակ: Եւ որովհետեւ «Հայ գիր»-ի գլխաւոր նպատակներէն է հայ գրաւոր մշակոյթի արժէքները ներկայութիւն դարձնել նոր սերունդներու կեանքին մէջ, մատենաշարի 15-րդ տարեդարձին առիթով ծրագրուած հրատարակութիւններուն շարքին ահաւասիկ լոյս կը տեսնէ «Քաջ Նազար»-ը` մատենաշարին 15-րդ թիւը:

Ինչպէս «Հայ գիր»-ի նախընթաց շարք մը գրքոյկները, «Քաջ Նազար»ը եւս լոյս կը տեսնէ արեւմտահայերէնի վերածուած եւ որոշ պարզեցումով: Այս հատորին հիմք ծառայած է մեծ երգիծանկարիչին դստեր` նմանապէս տաղանդաւոր ու վաստակաւոր արուեստաբան Սիլվի Աճեմեանի արտօնութեամբ, Պէյրութի մէջ լոյս տեսած վերոյիշեալ հատորը: Ծանօթ է, որ Տիրան Աճեմեանին վրձինը երգիծանկարներու շարքերով նոր կեանք տուած է մեր շատ մը գրողներու տիպարներուն, որոնցմէ մէկն է միայն «Քաջ Նազար»-ը: Այս շարքը ստեղծուած է 60-ական տարիներուն եւ կ՛ընդգրկէ շուրջ 150 նկար, արուեստասէրներուն ներկայացուած նախ` ցուցահանդէսներով, ապա բոլորը լոյս տեսած են յիշեալ առաջին հրատարակութեան մէջ: Այս հատորին մէջ առնուած է շարքէն մաս մը: «Հայ գիր»-ը շնորհակալութեան խօսք ունի Սիլվի Աճեմեանին, վստահ ըլլալով, որ մեր մանուկներն ու դաստիարակներն ալ կը ձայնակցին երախտագիտութեան այս արտայայտութեան:

Նախորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Եւրասիական Տնտեսութիւն …Դրամի Արժեզրկո՞ւմ

Յաջորդը

Լուսանկարի Վարպետը` Պօղոս Պօղոսեան

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.