Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Եւրասիական Տնտեսութիւն …Դրամի Արժեզրկո՞ւմ

December 17, 2014
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

dram-vs-dollar-121704Մասնագէտ տնտեսագէտէն մինչեւ թիւերէն, թուաբանութենէն եւ թուային կառոյցներէ բոլորովին հեռու եւ անտեղեակ հայորդիին համար կրնայ անհասկնալի թուիլ կապը` վերջերս Հայաստանի Ազգային ժողովի Եւրասիական տնտեսական միութեան միանալու որոշումին եւ դրամի հետեւողական արժեզրկումին:

Պարզ է, որ դէպքերու իրադարձութիւններու եւ տարածաշրջանէն ներս տիրող կացութեան իբրեւ հետեւանք` կտրուկ կերպով այս միութեան անդամակցելու դէմ արտայայտուողը ծայրայեղօրէն թեր պիտի արտայայտուի եւ ամէն երեւոյթ պիտի կապէ դրամին արժեզրկման հետ:

Պարզ ու յստակ է առեղծուածը կամ ստեղծուած կացութիւնը:

Արդարեւ, աւելի քան տարիէ մը ի վեր տիրող Ուքրանիոյ անկայուն վիճակը, եւ այդ կացութեան հետեւանք` Եւրոպա կամ Արեւմուտք ընդդէմ Ռուսիա թշնամութիւնը պատճառ դարձած է, որ հետզհետէ, յատկապէս տնտեսական բնագաւառէն ներս, ճնշում բանեցուի Փութինի վարչամեքենային վրայ: Այս իրադարձութիւններուն հետեւանք է, որ Եւրոպային մատակարարուող «Հարաւային հոսանք» նախագիծին իրականացումը ջնջուեցաւ եւ, այսպէս, տնտեսական բաց մը ստեղծելով` Փութին ուղղուեցաւ Անգարա, իր երկրի ուժանիւթի մատակարարումը տրամադրելով այլ շուկաներու, եւ հաւանաբար ալ համեմատած եւրոպացիներուն խոստացուած սակագինէն շատ աւելի պակաս, յատկապէս նկատի ունենալով, որ նոր խողովակաշարի կառուցումը շատ աւելի քիչ ծախսերու դուռ պիտի բանայ:

Արդեօք նաեւ կապե՞լ ուժանիւթի գիներու անկման պատկերը Ռուսիոյ վրայ դրուած արեւմտեան պատժամիջոցներուն: Այս մէկն ալ անուղղակիօրէն բացատրելի եւ ընդունելի է, նկատի ունենալով, որ նոյնինքն Ռուսիա, այդ բնագաւառէն ներս առաջնահերթ արտադրող երկիրներէն մէկն է:

Ակնթարթ մը մէկդի դնելով Եւրասիական տնտեսական միութեան միանալու Հայաստանի ղեկավարութեան տուած որոշումները, յստակ է, որ սերտ տնտեսական կապեր գոյութիւն ունին Ռուսիոյ հետ: Հայրենի գրեթէ ամէն մէկ տունէ, Ռուսիա գաղթած եւ հոն ալ հաստատուած հայեր, նիւթական ներդրումներ կը կատարեն` հետեւողական ձեւով դրամական օժանդակութիւններ փոխանցելով Հայաստան:

Գոյութիւն ունի այլ` մտածելակերպ… այլընտրանք: Արդարեւ, Հայաստանի նախագահ Սարգսեանին համար մեծ յոյսեր կը ներշնչէ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութիւնը, որ ըստ իրեն, ներդրումներու լայն դաշտեր պիտի ապահովէ: Աւելի՛ն. ան համոզուած է, որ անդամակցութեան առաջին օրէն իսկ, այսինքն յունուարի 1, 2015-ին, շատ մեծ հեռանկարներ պիտի բացուին «գործունեայ մարդկանց» համար:

Իրատես եւ իրապաշտ ըլլալով` ցարդ եւ գէթ մինչեւ յունուար 1, 2015 տուժող զանգուած մը կայ:

Շաբաթներ առաջ 410 դրամը համահաւասար էր մէկ տոլարի: Դեկտեմբեր 1-ին այս համեմատութիւնը բարձրացաւ 435-ի:

Եւ դեռ ալ այս համեմատութիւնը պիտի բարձրանայ Ամանորի առթիւ, մինչեւ յունուար 1… Շնորհաւոր Նոր տարի՞:

Նախորդը

Ովքե՞ր Են Հայախօս Յոյները` «Հայ Հոռոմները»

Յաջորդը

«Հայ Գիր» Մատենաշարը Լոյս Ընծայեց Յ. Թումանեանի «Քաջ Նազար»-ը` Տիրան Աճեմեանի Երգիծանկարներով

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.