
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հրաւէրով, աշխատանքային այցելութեան համար այսօր Երեւան կը հասնի Լաթվիոյ արտաքին գործոց նախարար Էտկարս Ռինքեւիչս:
Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան, Էտկարս Ռինքեւիչսը պիտի ընդունուի Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան:
Հայաստանի եւ Լաթվիոյ արտաքին գործոց նախարարներու բանակցութիւններուն պիտի յաջորդէ մամլոյ միացեալ ասուլիս:


