Երէկ ուշ երեկոյեան պաղեստինեան Սայտայի Թաամիր-Այն Հելուէ գաղթակայանին մօտակայքը Սարայա Մուքաուամայի զինեալներուն եւ Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի ուժերուն միջեւ հրացանաձգութիւն արձանագրուեցաւ:
Ապահովական այս միջադէպին պատճառով լիբանանեան բանակը տեղակայուեցաւ շրջանին մէջ, իսկ տեղեկահաւաքի բաժանմունքը կատարեց ներխուժումներ, որոնց իբրեւ արդիւնք ձերբակալուեցաւ Սարայա Մուքաուամայի մէկ անդամը` Մահմուտ Ա.:
Կէս գիշերին արձանագրուեցաւ պայթում մը, որ հետեւանք էր ձեռնառումբի մը պայթումին:


