Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի հարցերու գրասենեակի տնօրէն եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարի յատուկ պատուիրակ Ժան Ֆրանսուա Ժիրոյի Լիբանան կատարած այցելութեան առիթով, Լիբանանի մէջ ֆրանսական դեսպանատունը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտուեցաւ, որ Ֆրանսա յանձնառու կը մնայ Լիբանանի զօրակցութեան, յատկապէս ապահովական, մարդասիրական, տնտեսական եւ ընկերային առումով:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ Ֆրանսայի մտահոգութիւնը` նախագահական աթոռին թափուր մնալուն գծով եւ հաստատուեցաւ, որ Լիբանան վտանգներով շրջապատուած է:
Հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ Ֆրանսա Լիբանանի նախագահական ընտրութեան համար յստակ թեկնածու մը չունի, ինչպէս նաեւ ոչ մէկուն թեկնածութիւնը վեթոյի կ՛ենթարկէ:


