ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան բարձր գնահատեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի դերակատարութիւնը եւ անոնց ունեցած ներդրումը` լիբանանեան քաղաքական տարբեր կողմերուն միջեւ երկխօսութեան սկսելու առումով:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլի երէկ ուշ երեկոյեան մեկնեցաւ Փարիզ:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլ երէկ երեկոյեան վերադարձաւ Պէյրութ` Ուաշինկթըն կատարած իր կարճ այցելութիւնը աւարտելէ ետք:
ՔԱՐԻՒՂԻ մարզի տնօրինման խորհուրդի նախագահ Կապի Տաապուլ շեշտեց, որ Իսրայէլի համար ձեռնտու է լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող բնական կազի հարստութենէն օգտուիլ` մինչեւ 12 քիլոմեթր խորութեամբ ուղղահայեաց փորելու աշխատանքին ընդմէջէն:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յոյս յայտնեց, որ յառաջիկայ տարեսկիզբին կարելի է կատարել նախագահական ընտրութիւնը:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, յաջորդ շաբթուան ընթացքին առեւանգուած բանակայիններուն թղթածրարին համար նոր լուծում մը պիտի առաջարկուի, իսկ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ կատարուելիք երկխօսութիւնը պիտի յետաձգուի յառաջիկայ տարուան:


