Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Աբրահամեան Ընդունեց Համաշխարհային Դրամատան Ներկայացուցիչները

December 11, 2014
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

1210_Hovig_BankՀայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան երէկ ընդունած է Համաշխարհային դրամատան  պատուիրակութիւնը` դրամատան  երեւանեան գրասենեակի տնօրէն Լորա Պէյլիի գլխաւորութեամբ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսութեան ներկայ վիճակին եւ զարգացման հեռանկարներուն, Հայաստանի  դրամավարկային եւ պիւտճէական  հարկերու  քաղաքականութեան վերաբերող հարցեր:   Երկուստեք կարեւոր նկատուած է համաշխարհային եւ շրջանային տնտեսական իրողութիւններուն եւ  միջազգային շուկայի փոփոխուող իրավիճակին համահունչ տնտեսական քաղաքականութեան իրականացումը եւ համապատասխան տնտեսական միջավայրի ձեւաւորումը: Կողմերը անգամ մը եւս վերահաստատած են նշուած ուղղութիւններով Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Համաշխարհային դրամատան միջեւ  համագործակցութիւնը շարունակելու պատրաստակամութիւնը:

Տնտեսական Իրաւունքներուն Յատկացուած
Համաժողով` Երեւանի Մէջ

1210_Hovig_Human-RightsՎարչապետ Յովիկ Աբրահամեան երէկ ներկայ գտնուած է Երեւանի մէջ սկսած տնտեսական իրաւունքներուն յատկացուած համաժողովին:

Վարչապետը նշած է, որ տնտեսական իրաւունքները կարեւորագոյն երաշխիք են մարդու, հասարակութեան եւ պետութեան բարեկեցութեան ապահովման եւ զարգացման գործին մէջ:

«Մարդկութեան բարգաւաճման եւ պետութիւններու կայացման պատմութիւնը կը փաստէ, որ միջազգային փաստաթուղթերուն եւ  ազգային սահմանադրութիւններուն մէջ մարդկային իրաւունքներու մասին ձեւակերպումներէն շատ առաջ մարդիկ նախ եւ առաջ կը դրսեւորէին իրենց յանձնառութիւնը սեփականութեան իրաւունքի եւ արդարութեան սկզբունքին նկատմամբ: Այսօր մարդկային  իրաւունքները աւելի խորքային են եւ կ՛ընկալուին իբրեւ մարդկային հիմնարար ազատութիւններու, որոնց շարքին` տնտեսական եւ ընկերային  արդարութեան երաշխիք», ըսած է Աբրահամեան:

Ըստ կառավարութեան մամլոյ ծառայութեան, վարչապետը ընդգծած է, որ մարդակեդրոն զարգացման գաղափարախօսութիւնը ընդունելով իբրեւ ռազմավարական ուղենիշ` Հայաստանի կառավարութիւնը առաջնահերթութիւն հռչակած է քաղաքացի-անհատին եւ անոր արժանապատիւ կենսակերպին երաշխաւորումը:

Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլիի հրաւէրով պաշտօնական այցելութեամբ այսօր Վրաստան կը մեկնի:

Ըստ կառավարութեան մամլոյ ծառայութեան, այցելութեան ծիրին մէջ նախատեսուած է Յովիկ Աբրահամեանի հանդիպումը Վրաստանի նախագահ Կէորկի Մարկվելաշվիլիի եւ  վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլիի հետ:

Աբրահամեան նաեւ պիտի այցելէ Թիֆլիսի  հայկական եկեղեցին եւ պիտի տեսակցի տեղւոյն հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:

 

Նախորդը

Զուիցերիա Մերժած Է Յուշարձան Տեղադրելու Հայկական Համայնքին Առաջարկը

Յաջորդը

Ռուսիոյ Տուման Վաւերացուց Հայաստանի` Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Անդամակցելու Համաձայնագիրը

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.